Համայն հայութիւնը երբ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կը պատրաստուի նշել հայ գրականութեան միտքի լուսաորիչ Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 215-ամեակը, եւրոպական գրական շրջանակները այս Յուլիսին կը նշեն Աբովեանի ժամանակակից ու սերնդակից, 19-րդ դարու ֆրանսացի մեծահամբաւ այն գրական դէմքի 220-ամեակը, որ իր գործերով ամենաշատ ժողովրդականութիւն վայելած վիպագիրն էր, թատերագիրն ու յուշագրողը, որ 1840-ական թուականներուն, շատերու կարծիքով գերազանցած էր ամբողջ Եւրոպայի մէջ նոյնիսկ Վիքթոր Հիւկոյի եւ Օնորէ տը Պալզաքի նման տիտաններու վայելած ժողովրդականութիւնը՝ երկուքը միասին վերցուցած: Այդ գրական լուսաւորեալ դէմքը ընկերվարական հակում ունեցող Ամանտինա Օրորա Տիւփէնն էր, որ հետագային իրեն գրչանուն ընտրեց Ժորժ Սանտ (Փարիզ, 1 Յուլիս 1804 – Նոհան Վիք, գաւառ կեդր. Ֆրանսայի, 8 Յունիս 1876), հանդիսանալով ամէնէն փնտռուած գրողներէն մին Եւրոպայի Ռոմանթիքներու դարաշրջանի:
220 տարի առաջ 1 Յուլիսին էր ծնած Ժորժ Սանտ, որ աչքառու կերպով իր տարօրինակութիւններով, կենցաղային վարքով ու նիստուկացով, եկաւ գայթակղութիւն բարձրացնել զանազան շրջանակներու մէջ, նախընտրելով հանրութեան առջեւ ներկայանալ այր մարդու ոճով զգեստներով: Ան անկեղծօրէն ու խիզախօրէն ընդունելով թէ կ’ատէ քաղաքական բոլոր հատուածներն ու շերտերը, չէր վարաներ յաճախ արտայայտուելու, թէ այր մարդ ծնած ըլլալու պարագային կրնար… շատ վտանգաւոր անձ մ’ըլլալ:
Ժորժ Սանտի հայրը՝ Մօռիս Տիւփէն, որ կը սերէր թագաւորական գերդաստանէ, կը մահանայ՝ երբ ապագայ վիպասանուհին հազիւ չորս տարեկան մանուկ էր: 17 տարեկանին ան իր մօր հետ կը տեղափոխուին Փարիզ: Մէկ տարի ետք կ’ամուսնանայ Քասիմիր Տիւտըվան անունով զինուորական պաշտօնեայի մը հետ, որոնցմէ կը ծնի երկու զաւակ: Բայց իր ամուսնական կեանքը Տիւտըվանէն կը խզուի 1831-ին եւ Ժորժ Սանտ ամբողջութեամբ կը նուիրուի գրական ստեղծագործական աշխատանքի:
Այնուհետեւ, Սանտի սիրային կապերն ու յարաբերութիւնները ժամանակի գրական եւ արուեստի ականաւոր դէմքերու հետ ուշադրութեան նիւթ կը դառնան Եւրոպայի ամբողջ տարածքին: Յիշելու համար ադ դէմքերէն քանի մը հատը՝ Ալֆրէտ տը Միւսէ, Շառլ Տիտիէ, Կիւսթաւ Ֆլօպէր, Ժիւլ Սանտօ, Ֆրանսուա Պոքաժ, ինչպէս նաեւ լեհ համբաւաւոր դաշնակահար ու երաժիշտ Ֆրետրիք Շոփէն: Վերջինին հետ՝ 1838-1839-ի ձմրան ամբողջ եղանակին, սպանական Մայորքա կղզիին մէջ Ժորժ Սանտ կ’անցընէ վիպական սիրային կեանք մը: 1842-ին իր հրատարակած «Ձմեռ մը Մայորքայի մէջ» խորագրեալ վէպին մէջ, Սանտ մանրամասնօրէն կը պատմէ իր եւ երկու զաւակներուն հետ դէպի այդ կղզին կատարած ուղեւորութիւնը, այնտեղ իրենց կեցութեան օրերը Շոփէնի հետ, որ այդ շրջանին կը տառապէր թոքախտէ, յուսալով որ կղզիին կլիման եւ առողջարար օդը կը նպաստեն իր առողջութեան բարելաւման. բան մը, որ սպասուած արդիւնքը չի տար աշխարհահռչակ եւ տարաբախտ երաժիշտ Շօփէնին՝ խստաշունչ ձմրան ցուրտին պատճառաւ:
Տասը տարի առաջ՝ 1932-ի Ապրիլին, արդէն լոյս տեսած էր Սանտի 344 էջերէ բաղկացած առաջին վէպը՝ «Ինտիանա» խորագիրով, Ժորժ Սանտ կեղծանուան տակ: Այս վէպը մեկնարկը կը կատարէ իր համբաւին: Սիրոյ եւ ամուսնութեան մասին վէպ մը, որ կը համաձուլէ միութիւնը վիպականութեան, իրապաշտութեան ու տեսլականութեան: Ինտիանան, որ սիրավէպին հերոսուհին է, լորտուհի կամ ազնուականուհի մըն է, որ ամուսնացած է տարեց եւ զինուորական նախկին պաշտօնեայի մը հետ: Վերջինը կը տառապէր զանազան անծանօթ հիւանդութիւններէ, հաւանաբար կեանքին մէջ կարեկցանքի պակաս ունենալուն պատճառով: Ինտիանա այս անգամ իր հայեացքը կ’ուղղէ իր զարմիկին՝ Ռալֆին, կ’ապրի թէ՛ Ռալֆին եւ թէ՛ իր զինուորական ամուսնոյն հետ: Երբ վերջինը դուրս գար տունէն՝ Ռալֆը կ’ըլլար իր սիրականը: Ընթերցողը իրազեկ դառնալով Սանտի կեանքի սա փուլերուն, իսկոյն կ’անդրադառնայ որ Ինտիանան նոյնինքն Ժորժ Սանտն է ու անոր կեանքի ապելակերպը՝ առաջին ամուսնութեան շրջանին:
Բազմաթիւ են վէպերը Ժորժ Սանտի: Վերոյիշեալներէն բացի կը յիշատակենք՝ «Վալենթին» (1832), «Լելիա» (1833), «Անտրէա» (1833), «Մաթթէա» (1833), «Ժաք» (1833), «Լէոն Լէոնի» (1833), «Անտրէ» (1834), «Մարքիզը» (1834), «Սիմոն» (1835), «Մօփրա» (1837), «Լորէօ» (1838), «Փօլին» (1839), «Օրաս» (1840), «Քոնսուելօ» (1842 թ., որ կը համարուի գրողին գլուխ-գործոցը. վէպը անձնաւորումն է բարոյական մաքրութեան յաղթանակին՝ ունենալով բազմաշերտ փորձութիւններ), «Ռուտոլսթատի կոմսուհին» (1843), «Ժանն» (1844), «Նախանձը» (1845), «Պարոն Անթուանին մեղքը» (1845), «Սատանային լճակը» (1846), «Փոքրիկ Ֆատէթը» (1849), «Խորհրդաւոր պատմութիւնը ազնիւ Ժաքին եւ Լորտ Պումպլէպէին» (1851), «Տանիէլլան» (1857), «Ան (աղջկայ համար, She) եւ ան (He, տղու համար)» (1859), «Ձիւնէ մարդը» (1859), «Սեւ քաղաքը» (1860), «Անթոնիա» (1863), «Օրիորդ Լա Քինթինի» (1863), «Պարոն Սիլվեսթըր» (1866), «Վերջին սէրը» (1866, նուիրուած Կիւսթաւ Ֆլօպէրին), «Օրիորդ Մերքեմ» (1868), «Թաւալող քար մը» (1870), «Սեզարին Տիթրիչ» (1871), «Նանոն» (1872), «Իմ քոյրս՝ Ժաննը» (1874), «Մարիան» (1876), «Փերսեմոնի աշտարակը» (1876) եւ դեռ շատ այլ գործեր: Թատերախաղերէն յիշատակման արժանի են՝ «Կապրիէլ» (1839), «Վիքթորինի ամուսնութիւնը» (1851), «Ճափոնցի Լիլին» (166) եւ ուրիշներ:
19-րդ դարուն արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական շրջանակներէ ներս մեծ հետաքրքրութիւն են յառաջացուցած Ժորժ Սանտի ստեղծագործութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին իրենց թարմութեամբ, փիլիսոփայական խորքով, ֆեմինիստ մը ներկայացող հզօր անհատականութեամբ, կանանց իրաւունքներուն ի խնդիր գրողին համարձակ ու աննահանջօրէն պաշտպանութեամբ: Այդ բոլորը շեշտուածօրէն ապացոյցը կու տան Սանտի երկերուն մէջ, փաստը կու տան նաեւ շատ նամակներու ալ հայերէնի թարգմանութիւնները:
Հայ գրականութեան մէջ Սանտի ստեղծագործութիւններուն առաջին արձագանգողը եղած է Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Մասեաց աղաւնի» գրական ամսագիրը, որ 1863-ին իր 16-րդ թիւին մէջ «Փարիզեան սուրհանդակ» խորագիրը կրող շարքին մէջ ներբողական տողերով կ’երեւի նոյն տարին «Օրիորդ Լա Քինթինի» վէպը լոյս տեսնելուն առիթով, Ժորժ Սանտը որակելով «հանճարեղ վիպագիր»:
Վեց տարի ետք՝ 1869-ին, Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Հայկական աշխարհ» օրագիրի 10-11 համարներուն մէջ օրիորդ Եղիսաբէթ Բայիսօղօլեանի թարգմանութեամբ կը հրատարակուի «Տիկին Ժորժ Սանտ» յօդուածը, որ կը սկսի հետեւեալ գրադատական խօսքերով. «Քանի մի տարի առաջ Ժորժ Սանտի վերայ կարծիքները բոլորովին զանազան էին. յարգողները բարձրացնում էին նորան մինչեւ երկինք, իսկ թշնամիները տրորում էին անբարոյականութեան եւ ուրիշ շատ պակասութիւնների մէջ: Նաեւ Ֆրանսիայում շատերը մինչեւ այժմ չեն համաձայնում Ժորժ Սանտը մեր դարի կին գրողներից ամենալաւը ընդունելու»: Հետաքրքրական է, որ օրիորդ Բայիսօղօլեան Ժորժ Սանտի միտքերուն բերած նորութիւնը, լեզուին գեղեցկութիւնը համեմատած է Ժան Ժաք Ռուսոյի լեզուին հետ, ընդգծելով, որ եթէ Սանտ կը սխալի, ապա այդ «սխալը» մարդկութեան բարութիւն ցանկալու արդիւնքն է: Վերջապէս Բայիսօղօլեան կը մէջբերէ Սանտի մասին ռուս մեծանուն գրաքննադատ Վիսարիոն Պելինսքիի հետեւեալ խօսքերը. «Ժորժ Սանտը կանանց փաստաբանն է, ինչպէս Շիլլէրը ամբողջ մարդկութեանն է»:
Զարթօնքի Սերունդի մեր գրողներէն Գրիգոր Չիլինկիրեան առաջինն եղաւ որ 1871-ին հայերէնի թարգմանեց Սանտի «Օրիորդ Լա Քինթինի» վէպը, որ այնուհետեւ տպագրուեցաւ Զմիւռնիայի մէջ: 1875-ին, դարձեալ «Զմիւռնիա»ի մէջ, Գ. Մսերեանի թարգմանութեամբ տպագրուեցաւ Սանտի «Լէոն Լէոնի» եւ «Ֆլավի» վէպերը: «Ֆլավի» վէպի յառաջաբանին մէջ, թարգմանիչ Մսերեան ի միջի այլոց գրած է. «… Ֆրանսայի իգական պարծանքն ու շուքը, անսպառ հանճարը, սէգ ու դաշնաւոր բանահիւսը, որ Հոմերեան վսեմութեամբ, Ժիւէնալի հեգնով եւ Պայրընեան ծիծաղով ընթերցողը կը հիացնէ: Ան բարձր արուեստագէտ մը չէ միայն, այլ մեծ վերանորոգիչ մը ու աննման խորհող մը»:
19-րդ դարուն ապրած եւ ստեղծագործած, ռումանահայ գրականագէտ եւ պատմաբան, Արեւելեան աշխարհաբարի գիտական քերականութեան հիմնադիր եւ լեզուաբան, մանկավարժ Ստեփան Պալասանեան, Ժորժ Սանտի մահէն տարի մը ետք, ընդարձակ իր յօդուածով լուսարձակի տակ է բերած մեծ գրողի ողջ կեանքին փուլերը, մինչեւ անոր մահը, 8 Յունիս 1876:
Արդարեւ, Ժորժ Սանտ ոչ միայն կին գրողներու պարծանքն է ու կնոջ հոգեկան եւ ֆիզիքական գերութեան շղթաները բեկանողը, ազատութեան խնդիրները խիզախօրէն հրապարակողն ու պատգամողը ֆրանսական ու եւրոպական գրականութեան մէջ, այլեւ համաշխարհային գրականութեան միտքի քանքարափայլ լուսաւորիչն է, իրաւամբ Խաչատուր Աբովեանը եւրոպական գրականութեան, որով կրնայ հպարտանալ ողջ մարդկութիւնը դարերու ընթացքին՝ զինք ծնած ըլլալուն համար:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»-«Ծաղիկ»