Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ

May 28, 2024
in Միջազգային
0

 

Պրիւքսէլի մէջ սուրիացի գաղթականներու հարցին համար տեղի ունեցող ժողովին, Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեան յանձնակատար Ժոզէփ Պորէլ յայտարարեց, թէ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է Լիբանանին օժանդակելու երկու միլիառ եւրօ գումարով, այն պայմանով որ սուրիացի գաղթականները մնան այդ երկրին մէջ: Ըստ իրենց, տակաւին պայմանները յարմար չեն սուրիացի գաղթականներու իրենց երկիրը վերադարձին համար: Ան աւելցուց, որ աւելի ճիգ պէտք է թափեն քաղաքական լուծում գտնելու համար Սուրիոյ մէջ, գաղթականներու ապահով վերադարձը ապահովելու համար:

Լիբանանի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտարարեց, թէ Լիբանան իր բոլոր համայնքներով ու քաղաքական ուժերով այլեւս չի կրնար երկար սպասել սուրիացի գաղթականներու հարցի լուծումին համար, ըստ եւրոպական պահանջին: Ան աւելցուց, որ Պրիւքսէլ եկած են ներկայացնելու համար լուծումի իրենց տարբերակը, ըստ Լիբանանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն: Պու Հապիպ առաջարկեց, թէ այն սուրիացի քաղաքացին որ չի կրնար երկիր վերադառնալ քաղաքական պատճառներով,  տեղափոխուի երրորդ երկիր մը: Ան աւելցուց, որ տարիներէ ի վեր Եւրիպական միութիւնը բնաւ մտիկ չէ ըրած Լիբանանի առաջարկներուն: Պու Հապիպ նշեց, որ ցարդ գործադրուած քաղաքականութիւնը դարձած է ժամանակավրէպ եւ պէտք է մտածուի այս հարցին գտնել հրատապ լուծում՝ նկատի առնելով Լիբանանի օրէնքը եւ սուրիացի քաղաքացիին ապահովութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԲԱԽՈՒՄ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Next Post
ԲԱԽՈՒՄ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

ԲԱԽՈՒՄ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.