Ֆրանսական կառավարական աղբիւր մը «Ֆրանս Փրէս»ին յայտնեց, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը ֆրանսական կողմին ներկայացուցած է իր պատասխանը ֆրանսական առաջարկին: Լիբանան մերժած է Հըզպալլայի զինեալներուն ետքաշումը սահմանէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Լիբանան նաեւ մերժած է ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն թոյլ տալ ազատ շարժում սահմանային գօտիին մէջ: