Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՊ-Ը ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

April 10, 2024
in Հայաստան
0
ՄԻՊ-Ը ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի քաղաքական ու արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով տնօրէն Միրոսլավ Փափայը։

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Մաքսիմ Լոնկանկէն եւ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեանը։

Ողջունելով հիւրերը՝ Անահիտ Մանասեանը ներկայացուցած է Պաշտպանի գործունէութեան ուղղութիւնները՝ ընդգծելով կանանց, երեխաներու, զինուած ուժերուն մէջ, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ատելութեան խօսքի, անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի, խտրականութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ իրականացուող աշխատանքները։

Պաշտպանը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցեր, յատուկ անդրադարձած է անձամբ իր եւ աշխատակազմին կողմէ իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքներուն։ Այս առումով, Անահիտ Մանասեան նշած է, որ առաջին իսկ օրէն աշխուժօրէն ներգրաւուած է այդ աշխատանքներուն մէջ. աշխատակազմին հետ այցելած է Գորիս, Կոռնիձոր եւ Վայք` աշխատանքները իրականացնելով նաեւ գիշերային ժամերուն։

Փաստագրուած տեղեկութիւնները ամփոփուած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի արտահերթ զեկոյցին մէջ, որ իսկութիւնը ապացուցող խորհրդապահական հատուածով Պաշտպանին կողմէ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մանտաթ ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դերակատարներուն։ Անահիտ Մանասեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ վարուող հայատեացութեան քաղաքականութեան, ՀՀ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Քննարկուած են նաեւ ատելութեան խօսքի, անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի, խտրականութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ իրականացուող աշխատանքները:

Հանդիպման աւարտին կողմերը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի զարգացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Share61Tweet38
Previous Post

2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 154 ՀԱԶԱՐ 215 ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՊԱՔՈՒԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՊԱՔՈՒԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՊԱՔՈՒԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.