ԸՍԱԾ Է ԴԵՍՊԱՆ ՏԸՔՈԹԻՆՅԻ
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին X-ի իր էջով կիսուած է «Politico» պարբերականին յօդուածով Thales ընկերութեան ֆրանսական ռատարներու, այդ շարքին՝ Ground Master-200-ի մասին, որուն երեք օրինակ վաճառուած է Հայաստանին:
Գրառման կից դեսպանը Thales ընկերութեան կողմէ ֆրանսական ռատարներու արտադրութեան մասին «Politico» պարբերականին յօդուածը հրապարակած է, ուր կը նշուի, որ ընկերութիւնը 2008 թուականէն ի վեր «200 GM» ռատար վաճառած է աշխարհի 32 երկիրներու, 40-ը միայն 2023 թուականին: Կը նշուի նաեւ, որ անցած ամիսներուն Փարիզը երեք «GM200» համակարգ վաճառած է Հայաստանին, մէկ համակարգ ալ Մոլտովային։ Մոլտովան կը պատրաստուի ստանալու եւս մէկը՝ ԵՄ-ի Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին ֆինանսաւորմամբ։
Հայաստանն ու Ֆրանսան աշնան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին պայմանագրեր ստորագրեցին: Արդէն Փետրուարին Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարը յայտարարեց, որ Հայաստանը ստացած է պաշտպանական նշանակութեան սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը։