Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎՈՎ

March 28, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎՈՎ

 

 

Արդարադատութեան նախարարութեան «Հայաստանի ազգային արխիւ»-ը կը նշէ ստեղծման 100-ամեակը: 26-28 Մարտին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային համաժողովին հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած է «Արխիւներ՝ մարդկութեան յիշողութիւնը» միջազգային գիտաժողովը:

Նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Սիրվարդ Գէորգեանը բացման ելոյթին մէջ նշած է, որ Ազգային արխիւը դարձած է հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը կրող ու պահպանող շտեմարան, որուն վերապահուած է պահպանել, նորոգել, նոր կեանք ու շնչառութիւն տալ փաստաթուղթերուն։

Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Արթուր Ստեփանեան ընդգծած է, որ Ազգային արխիւի ստեղծումը եղած է կարեւոր ու նշանակալից իրադարձութիւն, որ ազդակ հաղորդած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, գիտութեան զարգացման ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման:

Ազգային արխիւի 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստան ժամանած են Արխիւներու միջազգային խորհուրդի, ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի, Ղազախիստանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Մոլտովայի, Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի արխիւներու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ:

Միջազգային գիտաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի ազգային արխիւը ներկայացուցած է արխիւային փաստաթուղթերու ցուցադրութիւն, որուն առիթով հրատարակուած է Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ պահուող արժէքաւոր փաստաթուղթերու պատկերագիրք։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post

ԱՄՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ «RAND»-Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ

Next Post
ԱՄՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ «RAND»-Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ

ԱՄՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ «RAND»-Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.