Կ’ԸՍԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Փտածութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ 2023 թուականին Հայաստանի կառավարութեան իրականացուցած բարեփոխումները արժանացած են միջազգային բարձր գնահատականի։
Ազգային ժողովի Պետական-իրավական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին այս մասին ըսաւ արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեանը՝ ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թուականներու) 2023 թուականի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկոյցը։
«Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան հինգերորդ փուլի՝ Հայաստանին վերաբերեալ զեկոյցին մէջ կատարողական 9 ոլորտէն ամենաբարձր միաւորը տրուած են հափտածութեան քաղաքականութեան մշակման։ Հայաստանը դուրս եկած է Գրեկօ-ի գնահատման անհամապատասխանութեան գործընթացէն եւ կը համարուի բաւարար կատարողական ունեցող երկիր», ըսաւ Մինասեան։