Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԴԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ ՆՈՐ ԱԶԴԱԿ ՊԻՏԻ ՀԱՂՈՐԴԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԴԱՆԻԱ ՓՈԽԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹՅԵԱՆ»

March 9, 2024
in Հայաստան
0
«ԴԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ ՆՈՐ ԱԶԴԱԿ ՊԻՏԻ ՀԱՂՈՐԴԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԴԱՆԻԱ ՓՈԽԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹՅԵԱՆ»

 

Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Դանիոյ Թագաւորութեան խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Լիզէ Պեխի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Դանիոյ խորհդարանական պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ նշած է, որ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը այդքան ալ աշխոյժ բնոյթ չի կրեր: Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ այս այցը նոր ազդակ կը հաղորդէ Հայաստան-Դանիա փոխգործակցութեան: Միաժամանակ, վարչապետը կարեւորած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացումն ու սերտ համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ միջազգային հարթակներու շրջանակին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Եւրոպական միութեան օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: Վարչապետ Փաշինեան շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ մեր հասարակութեան համար ժողովրդավարութեան զարգացումն ու ամրապնդումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եւ այդ ուղղութեամբ քայլերը պիտի կրեն հետեւողական բնոյթ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ հայկական կողմին սկզբունքային դիրքորոշումները, Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի սկզբունքները:

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման առումով, վարչապետը կարեւորած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութիւնը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՆԱՒ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է

Next Post
ՆԱՒ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է

ՆԱՒ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.