Երեք իսրայէլացի եւ ամերիկացի պատասխանատուներ յայտարարեցին, թէ իսրայէլացի այցելու նախարար Պէնի Կանց ենթարկուեցաւ բուռն քննադատութեան Իսրայէլի կողմէ կատարուող անմարդկային քայլերուն ու սպանդին պատճառով: Ժողովը տեղի ունեցաւ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի եւ Ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճէք Սալիվընի մասնակցութեամբ:
Կանց, որ կը համարուի ամենագործնական անձը Պենիամին Նեթանիահուի վարած պատերազմի խորհուրդին մէջ, զգաց ամերիկեան կողմին զգայունութիւնը այս պատերազմի հարցին մէջ ու յուսխաբութիւնը Իսրայէլի վարած քաղաքականութենէն: