Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնակատար Ժոզէփ Պորէլ յայտարարեց, թէ եւրոպական պետութիւններուն մեծամասնութիւնը պիտի պահանջեն Իսրայէլէն չսկսիլ իր յարձակումը Ռաֆահ քաղաքին վրայ: Ան այս տագնապին լուծումը նկատեց զինադադար յայտարարել, գերիները ազատ արձակել ու երկխօսութեամբ հասնիլ վերջնական լուծումի: