Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը պիտի փոխէ թիւ 151 օրէնքը: Ըստ նոր օրէնքին, յաճախորդը պիտի կարենայ ամսական 150 ԱՄՆ տոլար քաշել իր հաշիւէն: Սակայն, ԱՄՆ տոլարին փոխարժէքը դրամատան մէջ պիտի մնայ 15 հազար լիբանանեան ոսկի: Այսինքն, ԱՄՆ տոլարի 89.500 լիբանանեան ոսկիի փոխարժէքը պիտի մնայ դրամատունէն դուրս, արտաքին շուկային մէջ միայն: