ՙՕսքարներու՚-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերուն (shortlist) մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայկական ֆիլմ մը լաւագոյն միջազգային ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը հասնի ՙՕսքար՚-ի զտեալ ցանկին:
Ֆիլմին հեղինակն է ամերիկահայ բեմադիր, բեմադրիչ ու դերասան Մայքըլ Կուրճեան, արտադրութեամբ Արման Նշանեանի:
ՙՕսքարներու՚-ի մրցանակաբաշխութեան թեկնածու ֆիլմերուն վերջնական ցանկը կը յայտարարուի 23 Յունուար 2024 ին, իսկ ՙՕսքարներու՚ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 Մարտ 2024-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
ՙԱմերիկացի՚-ն հիմնականօրէն նկարահանուած է Հայաստանի մէջ տեղական դերասանական կազմի մասնակցութեամբ: ՙԱմերիկացի՚-ն նաեւ կը նկատուի փորձ մը վերականգնելու Հայաստանի ֆիլմարուեստը, որ որոշ նահանջ արձանագրած է 1991-էն յետոյ:
ՙՖիլմը գոյատեւման եւ տոկունութեան մասին է, եւ հակառակ տիրող մթնոլորտին, ան շատ յուսադրող է եւ զուարճալի՚, կը յայտնէ Կուրճեան ՙՌոյթըրզ՚ լրատու գործակալութեան:
Ֆիլմը կը պատմէ ամերիկահայ Չարլիին կեանքը, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, հայրենադարձ կը կատարէ Խորհրդային Հայաստան, բայց կը բանտարկուի իր փողկապին պատճառով: Իր խուցէն Չարլի կը տեսնէ մօտերը գտնուող բնակարանի մը ներսը եւ փոխանորդաբար կեանքը կը շարունակէ հոն գտնուող զոյգին առօրեային ընդմէջէն: