Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՊԷՏՔ Է ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸª ԲԱՑԱՌԵԼՈՎ ՈՐԵՒԷ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ՚ ԸՍԱԾ Է ՀՀ ՆԳ ՆԱԽԱՐԱՐ

January 20, 2024
in Հայաստան
0
ՙՊԷՏՔ Է ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸª ԲԱՑԱՌԵԼՈՎ ՈՐԵՒԷ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ՚  ԸՍԱԾ Է ՀՀ ՆԳ ՆԱԽԱՐԱՐ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Ներքին գործերու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որ վարած էր ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեան£

Խորհրդակցութեան ներկայ էին ոստիկանութեան պետ-ներքին գործերու նախարարի տեղակալ Արամ Յովհաննիսեանը, ոստիկանութեան պետի տեղակալները, կեդրոնական վարչակազմի ստորաբաժանումներու, ծառայութիւններու, տարածքային վարչութիւններու եւ բաժիններու ղեկավարներ£

Վահէ Ղազարեան անդրադարձած է թմրամիջոցներու անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարի եւ ապօրինի պահուող զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման ուղղութեամբ ոստիկանութեան գործունէութեան: Ան յանձնարարած է աշխուժացնել բնակչութեան շրջանին մէջ բացատրական աշխատանքը` ապօրինի զէնք-զինամթերքի կամաւոր յանձնման ուղղութեամբ£

Նախարարը առանձնայատուկ կարեւորած է յանցագործութիւններու բացայայտման ուղղութեամբ իրականացուող հետախուզական, ինչպէս նաեւ կանխարգելիչ հետեւողական միջոցառումները:

Վահէ Ղազարեան ընդգծած է յատկապէս ոստիկանութեան տարածքային ստորաբաժանումներուն մէջ կարգապահութեան բարձրացման կարեւորութիւնըª առանձնայատուկ շեշտելով բռնութեան որեւէ դրսեւորման բացառումը£

Ան անդրադարձած է նաեւ քննութեան գործընթացին, խօսած է փուլերու յաղթահարման արդիւնքով ծառայողներու ընկերային երաշխիքներու բարձրացման հնարաւորութիւններուն£

Անդրադառնալով ճանապարհային պատահարներու թիւի նուազման միտումինª Վահէ Ղազարեան խօսած է պարեկային ուժեղացուած ծառայութիւններու կազմակերպման ու կայացման խնդիրներուն մասին, նշած է առկայ թերութիւններն ու բացթողումները եւ անոնց վերացման ուղղութեամբ տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

Ներքին գործերու նախարարը խօսած է նաեւ նոր ձեւաւորուող Քրէական ոստիկանութիւն ընդունելութեան եւ սահմանուած չափորոշիչներու մասին£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՊԻԿԵԱՆՆ ՈՒ ՔՈԼՈՄԻՆԱՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՆԱԹՕ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԸՆԹԱՑՔԸ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Next Post

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Next Post
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.