Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԱՌԱՆՑ ԹՈՅԼՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԿՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ ԵՏԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

January 18, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԱՌԱՆՑ ԹՈՅԼՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԿՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ ԵՏԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց ՙՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Աւստրիոյ դաշնային կառավարութեան միջեւ` ՙՀայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ առանց թոյլտուութեան բնակող անձերու ետընդունման մասին՚ համաձայնագրի կիրարկման վերաբերեալ արձանագրութիւնը:

Արձանագրութիւնը վաւերացնելու մասին նախագիծը ԱԺ նիստին ընդունուեցաւª ստանալով 93 կողմ ձայն:

Ըստ նախագիծինª ԵՄ անդամ պետութիւններու հետ շարժունակութեան ոլորտը խթանելու կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկը ՀՀ-ԵՄ Ետընդունման համաձայնագրի պատշաճ իրականացումն է: Այն յատկապէս որոշիչ նշանակութիւն ունի անկանոն գաղթի դէմ պայքարի առումով: Համաձայնագրին մէջ, ի թիւս այլ հարցերու, կողմերուն կոչ կը կատարուի  կնքելու կիրարկման արձանագրութիւններ:

Նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ, ներքին գործերու փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան նշած էր, որ սա թոյլ կու տայ նաեւ ընդգծելու ՀՀ-ի պատրաստակամութիւնըª ետ ընդունելու գործընթացներ ապահովել այն անձերուն համար, որոնք անկանոն բնակութիւն հաստատած են ԵՄ տարբեր երկիրներու մէջ:

Մինչեւ այս պահը ուժի մէջ մտած են եօթը երկիրներու հետ արձանագրութիւններª Պուլկարիա, Չեխիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Էսթոնիա եւ Լեհաստան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԿՈՒԹԵՐԵՇ. ՙԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՂԷՏԱԼԻ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ՚

Next Post
ԿՈՒԹԵՐԵՇ. ՙԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՂԷՏԱԼԻ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ՚

ԿՈՒԹԵՐԵՇ. ՙԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՂԷՏԱԼԻ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.