Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԱԳՆ. ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՂԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ

January 18, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԱԳՆ.  ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՂԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ

 

ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն եղած է եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան խորացումը, օրակարգի ընդլայնումն ու բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան սերտացումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնըª ամփոփելով արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցերը ԵՄ անդամ երկիրներ:

ՙՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ արտերկիր կատարած 40 այցերէն 20-ը իրականացուած է եւրոպական ուղղութեամբ: Այցերու ծիրին մէջ կայացած են հանդիպումներ գործադիր եւ օրէնսդիր շրջանակներու հետ, քննարկումներ գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ, ինչպիսիք են Ֆրիտրիխ Էպերթի հիմնադրամը եւ ՙChatham House՚-ը, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն համաժողովներու, ինչպիսիք են Տուպրովնիքի (Խրուաթիա) եւ Պլէտի (Սլովենիա) անվտանգային հարցերով համաժողովները:

2023-ին ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան զարգացման յարաշարժութիւնը առանձնայատուկ եղած է. ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով ստեղծուած գործընկերութեան հաստատութենական շրջանակի շարունակական իրականացման, ՀՀ-ի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն աջակցութեան զուգահեռ յարաբերութիւնները համալրուած են նոր բովանդակութեամբ£

ԵՄ անդամ երկիրներէ կայացած են նախարարի պաշտօնական ու աշխատանքային այցերը Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Աւստրիա, Փորթուկա, Սպանիա, Մալթա, Սլովենիա, Ռումանիա եւ Խրուաթիա, այցով Հայաստան ժամանած են Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Լիւքսեմպուրկի, Խրուաթիոյ, Հունգարիոյ եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործերու նախարարները: Կայացած են հանդիպումներ եւ հեռախօսազանգեր ԵՄ բոլոր անդամ երկիրներու հետ: Նախարար Միրզոյեան մասնակցած է ԵՄ ԱԳ նախարարական հանդիպման, ինչպէս նաեւ ելոյթով հանդէս եկած է ԱԳ քաղաքացիական համագումարի տարեկան նստաշրջանին՚, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը նախորդ տարի ԵՄ կողմի հրաւէրով Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման: Այս ձեւաչափով առաջին քննարկումը, որ յաջորդած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ՀՀ վարչապետի ելոյթին, կ՛արտացոլէ խորացող քաղաքական երկխօսութիւնըª ի շահ ՀՀ քաղաքացիներու եւրոպական ձգտումներու կեանքի կոչման: Նախարար Միրզոյեան ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նիստին:

ՀՀ-ԵՄ համագործակցութիւնը համալրուած է նոր ուղղութեամբ ու ձեւաչափով. 26 Յունուար 2023 թուականին Երեւանի մէջ կայացած է ՀՀ-ԵՄ քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխօսութեան անդրանիկ նիստը, իսկ 2-րդ նիստըª 15 Նոյեմբերինª Պրիւքսէլի մէջ:

Առաջնային կարեւորութեան հարցերու շարքինª տարեսկիզբին երկու տարի ժամկէտով ՀՀ-ի մէջ տեղակայուած է ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը, իսկ տարեվերջին կայացուած է առաքելութեան անձնակազմի կրկնապատկման մասին որոշումը:

29 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ մեկնարկ տրուած է ՀՀ-ԵՄ ներդրումներու համակարգման հարթակին: Տարեվերջին կայացած է նաեւ փաստահաւաք առաքելութեամբ ԵՄ պատուիրակութեան այց Հայաստանª միտուած ոլորտային համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման:

Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի միջոցով ՀՀ-ին աջակցութեան եւ ՀՀ-ԵՄ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հարցերը քննարկուած են ԵՄ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին մէջ, որուն բերումով տրուած են հանրային ուղերձներ, այդ շարքինª երկխօսութեան մեկնարկը դիտարկելու վերաբերեալ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պայմանաւորուած տարածաշրջանային եւ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումներովª տարուան ընթացքին շարունակուած է ԵՄ ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ջանքերուն: ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան եւ տարածաշրջանային հարցերուն վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է կարեւոր շեշտադրումներով շարք մը բանաձեւեր:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙMEZZO՚ ՀԵՌՈՒՍՏԱԱԼԻՔԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐԸ

Next Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.