Լիբանանի Ուսուցիչներու սենտիքան ժողով գումարեց անձնական վարժարաններու տնօրէնութեան ու կրթութեան նախարարին հետ եւ աւարտին սենտիքայի նախագահ Նըհմէ Մահֆուտ յայտարարեց, թէ իրենք համաձայնած են երկու կողմերուն հետ: Հիմնական պահանջն էր թոշակառու ուսուցիչներու թոշակի յաւելումը ըստ սղաճի:
Կրթութեան նախարարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց համաձայնութեան համար եւ արտայայտեց իր գնահատանքը Լիբանանի ուսուցիչներու կատարած դերին: