Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՅ ՉՈՐՍ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ, ՄԱՐԶԱՅԻՆ ՍՏՈՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՑՈՒԻՆ

January 13, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՅ ՉՈՐՍ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ, ՄԱՐԶԱՅԻՆ ՍՏՈՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՑՈՒԻՆ

 

ՀՀ Ոստիկանութեան կառուցուածքային վերափոխման շրջանակներուն մէջ ծառայութիւնը պիտի զարգանայ որպէս մասնագիտական կառոյց չորս յենասիւնային ուղղութիւններովª Քրէական ոստիկանութիւն, Պարեկային ծառայութիւն, Ոստիկանական զօրք եւ Համայնքային ոստիկանութիւն£ Այս մասին զեկուցուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանինª Ներքին գործերու նախարարութեան 2023 թուականի գործունէութեան հաշուետուութեան ներկայացման ժամանակ£

Վարչապետի աշխատակազմին տարածած տեղեկատուութեան համաձայնª պիտի վերացուին ոստիկանութեան մարզային վարչութիւնները, չորս հիմնական ուղղութիւններով ստորաբաժանումները Երեւանի եւ մարզերու մէջ պիտի ունենան իրենց տարածքային ստորաբաժանումներըª ուղղաձիգ եւ արդիւնաւէտ կառավարմամբ. օրէնսդրական, կառուցուածքային փոփոխութիւնները, կառավարման կառուցուածքները, տեխնիկական նոր յագեցուածութեան տեսլականը յստակացուած են£

Նախորդ տարուան ընթացքին Ազգային ժողովին կողմ ընդունուած են Համայնքային ոստիկանութեան վերաիմաստաւորման ու Քրէական ոստիկանութեան վերափոխման ուղղուած օրէնսդրական փաթեթները: Քրէական ոստիկանութեան մէջ անձնակազմի համալրման նպատակով յայտարարուած բաց մրցոյթին կրնան դիմել նաեւ քաղաքացիական անձեր£ Քրէական ոստիկանի պաշտօնին նշանակումը պիտի իրականացուի Ներքին գոծերու նախարարութեան կրթահամալիրին մէջ ուսումնառութեան միջոցով£

Տեղեկացուած է, որ 2023-ի ընթացքին հաստատուած է Ոստիկանութեան զօրքի ձեւաւորման հայեցակարգը, մշակուած, ներառական հանրային քննարկումներու փուլ անցած է եւ միջազգային փորձաքննական դրական գնահատականի արժանացած է ՙՈստիկանութեան զօրքի մասին՚ եւ յարակից օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը£ Նոր օրէնքով կը բացառուի Ոստիկանութեան զօրքի երկակի կարգավիճակը, այն պիտի ըլլայ մաքուր ոստիկանական ծառայութիւնª դուրս բերուելով ՙայլ զօրքերու՚ կարգավիճակէն£ Ասով իսկ պիտի բարելաւուի նաեւ ոստիկանութեան զօրքի նկատմամբ քաղաքացիական ու խորհրդարանական վերահսկողութիւնը£

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Next Post

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑՈՎ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Next Post
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑՈՎ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑՈՎ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.