Երէկ Քաթարի ՙԱլ Ժազիրա՚ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ պաղեստինցի թղթակից Մոհամմատ Ալ Սալասինի զոհուեցաւ Կազայի իր բնակարանին մէջ, երբ ան ենթարկուեցաւ իսրայէլեան ռմբակոծումի: Ցարդ 115 թղթակից սպաննուած է Կազայի պատերազմի ընթացքին: Այս թիւը աւելի շատ է 2021 եւ 2022 թուականներուն ամբողջ աշխարհի մէջ սպաննուած թղթակիցներու թիւէն: