ԸՍԱԾ Է ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքովª Հայաստանի գիտական ներուժըª ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, սպառած չէ, ընդհակառակըª կուտակուած է, եւ ժամանակն է, որ ՀՀ կառավարութիւնը լուրջ ներդրումներ կատարէ գիտութեան ոլորտին մէջ£
Ելոյթ ունենալով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց գիտութեան աջակցելու գործօնին կարեւոր դերակատարութիւնը, քանի որ կառավարութիւնը 2019 թուականէն շարունակաբար աւելցուցած է ոլորտին ֆինանսաւորումը£ Օրինակª 2023 թուականին, 2018 թուականին համեմատ, գիտութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը աւելցած է 151 տոկոսով, իսկ 2024 թուականին գիտութեան ֆինանսաւորումը արդէն իսկ ընդունուած պիւտճէով պիտի աւելնայ 181 տոոկոսով£ Տուեալ առումով շատ կարեւոր է այն ծրագիրը, որ կը վերաբերի գիտութեան ոլորտի աշխատավարձերու բարձրացման, որ մեկնարկած է 2022 թուականի Յունուար 1-էն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 թուական£
Վարչապետը մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ ինչպիսի համամասնութամբ աւելցուցած են գիտաշխատողներուն աշխատավարձերը 2023 թուականին, 2018 թուականին համեմատ, եւ որքանով պիտի աւելնան գալիք տարուան մէջ£ 2026 թուականին արդիւնքները պիտի ամփոփուիեն եւ կառավարութիւնը պիտի կայացնէ անկէ բխող որոշումներ£ Փաշինեան անդրադարձաւ եւս մէկ նորամուծութեան, ըստ որունª 2022 թուականէն գիտնականներն ու գիտական խումբերը մրցութային կարգով կը ստանան դրամաշնորհներª ֆինանսաւորման համար մասնագիտացուած յանձնաժողովին ներկայացնելով համապատասխան թեմաներ£ Այսպէսª 2023 թուականին դրամաշնորհային ծրագրերով յատկացուած է 8,4 միլիառ դրամ, իսկ գալիք տարուան պետական պիւտճէով դրամաշնորհներու ծաւալը պիտի կազմէ 9,3 միլիառ դրամª ընդգրկելով շուրջ հազար գիտնական£ 2022-23 թուականներուն գիտութեամբ զբաղով անձերու քանակը աւելցած է 296-ով, որոնց մեծ մասը 55 տարեկանէն ցած տարիք ունեցող գիտնականներ են£
Փաշինեան յիշեցուց, որ 2018 թուականէն կ՛իրականացուի նաեւ գիտական կազմակերպութիւններուն ժամանակակից գիտական սարքերով մատակարարելու ծրագիրը£ Արդէն իսկ 26 նմանօրինակ կազմակերպութիւններ կառավարութեան դրամաշնորհներով ստացած են շուրջ հինգ միլիառ դրամի գիտական սարքեր£ Հետեւաբար, տուեալ ներդրման տողը պետական պիւտճէին մէջ աճած է աւելի քան հինգ անգամ, իսկ ընդհանուր առմամբ գիտութեան ոլորտին ուղղուած ընդհաուր ծախսերուն ծաւալը կազմած է 8,6 միլիառ դրամ£
ՙԳԱԱ-ի թողած փառահեղ ժառանգութիւնը կը դիտարկուի ոչ թէ որպէս պարզ արձանագրում, այլ ապագայի մէջ ռազմավարական ներդրում ընելու համար անհրաժեշտ ու շատ կարեւոր գոյք£ Այսօր Հայաստանի մէջ գործող բազմաթիւ գիտնականներ գիտական նորագոյն նուաճումներու գործին մէջ ունին շատ յստակ ներդրումª ընդգրկուած ըլլալով միջազգային գիտական խումբերու մէջ, սակայն անոնց գործունէութիւնը բաւարար չափով չի լուսաբանուիրմ£ Հասարակութիւնը պէտք է ճանչնայ բոլոր ականաւոր գիտնակատնները, որոնք գործ ունին շրջադարձային նուաճումներու հետ՚, նշեց վարչապետը£
Փաշինեանի խօսքովª կառավարութիւնը գիտութեան աջակցելու համար ամենեւին շնորակալական խօսքեր չ՛ակնկալեր, որովհետեւ ներդրումները կը կատարուին ոչ միայն գիտնականներու, այլեւ Հայաստանի ապագային համար, քանզի կառավարութիւնը երկրին հետագայ յառաջընթացը կը պատկերացնէ գիտութեան ոլորտի լրջագոյն զարգացումներով ու բարեփոխումներով£
ՙՀայաստանի ապագան հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց զարգացած գիտակրթական բնագաւառի, եւ նոյն ինքն գիտութեան ու կրթութեան մէջ կը տեսնենք մեր երկրի ապագայի ռազմավարական ծրագրաւորումն ու ապահովումը£ Այդ ծիրին մէջ ակադեմական քաղաքի ստեղծումը հսկայածաւալ նախագիծ մըն է, որ իսկապէս պիտի յեղափոխական նշանակութիւն ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ£ Այդուհանդերձ, բարձրագոյն գիտութիւնն ու կրթութիւնը պէտք չէ կտրուած ըլլան նախադպրոցական կրթութենէն եւ հանրակրթութենէն, որովհետեւ խզումը պիտի յանգեցնէ բացասական հետեւանքներու, ուստի այս շարքին մէջ կը դիտուի մասնաւորապէս ՙ300 դպրոց եւ 500 մանկապարտէզ՚ ծրագրի իրականացումը՚, ըսաւ վարչապետը£
Փաշինեան արձանագրեց, որ լրջագոյն բարեփոխումներ կ՛իրականացուին նաեւ մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ոլորտին մէջ£ Բոլոր օղակներուն մէջ բարեփոխումները կը զուգորդուին ֆիզիքական ենթակառուցուածքներու զարգացմամբ, մարդկային միջոցի ու անձնակազմի առումով ներդրումներ կատարելով, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերու բարձրացմամբ£ Վարչապետը շեշտեց, որ գիտութեան ու հանրակրթութեան ոլորտներուն մէջ աշխատավարձերու բարձրացումը կը կապուի կամաւոր քննութեան գործընթացին հետ, որպէսզի պետական պիւտճէով նախատեսուած գումարները հասցեագրուին այն անձերուն, որոնք ունին պատշաճ որակաւորում, գիտակրթական, մասնագիտական ձգտումաներ, հետեւաբար ֆինանսաւորումը կ՛ընկալուի որպէս ռազմավարական ներդրում Հայաստանի ապագային մէջ£
ՙԳիտութեան բնագաւառին մէջ յառաջընթացը հնարաւոր պիտի չըլլար առանց աշխատող, աւելցուած արժէք ստեղծող եւ հարկեր վճարող մարդոց ջանքերուն£ ՀՀ ԳԱԱ 80-ամեակը նաեւ անոնց տօնն է£ 1943 թուականին Հայաստանի մէջ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա ստեղծելու որոշման գործնական հետեւանքը միանշանակ եւ աներկբայ մեր երկրի ճարտարարուեստացումն էր£ Այսօր իշխանութեան ռազմավարական նպատակադրումը այն է, որ գիտութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ներդրումները յանգեցնեն երկրորդ ճարտարարուեստացման, ինչ որ հնարաւոր չէ առանց կառավարութեան, գիտական հանրութեան, հանրակրթութեան ոլորտի եւ, ի հարկէ, տնտեսութեան մէջ ներգրաւուած մարդոց, ինչպէս նաեւ արդիւնք ստեղծող, հարկ վճարող անձերու աջակցութեան՚, եզրափակեց ՀՀ վարչապետը£
ԲԱՐՁՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՄԻՉՔՆԵՐ.
ՀՀ-Ն ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՏԱՂԱՒԱՐՈՎ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՙԷՔՍՓՕ 2025 ՕՍԱՔԱ, ՔԱՆՍԱ, ՃԱՓՈՆ՚-ԻՆ
Հայաստանը ՙԷքսփօ 2025 Օսաքա, Քանսա, Ճաթոն՚ համաշխարհային ցուցահանդէսին պիտի մասնակցի բարձրակարգ տաղաւարովª ներկայացնելով բարձր արհեստագիտութիւններ, հայկական սնունդ, խմիչք, երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնն ու ժամանակակից կրթական հաստատութիւնները:
Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին նշեց, որ կը նախատեսուի, որ Ճափոնի մէջ կայանալիք այս ցուցահանդէսը 6 ամսուայ ընթացքինª 13 Ապրիլէն մինչեւ 13 Հոկտեմբեր 2025 պիտի ունենայ մօտ 28 միլիոն այցելու:
ՙՀետեւաբարª Հայաստանի կառավարութիւնը, Տնտեսութեան նախարարութիւնը որոշում կայացուցած են այս ցուցահանդէսին միանալ բարձրակարգ տաղաւարովª ՙԱ՚ դասի տաղաւարով, որ կ՛ընդգծէ նաեւ մեր երկրին վերաբերմունքը Ճափոնի, ճափոնական շուկային նկատմամբ՚, ըսաւ Քերոբեան:
Սա եւս մէկ ներդրում է Հայաստանի եւ Ճափոնի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:
Ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարի նախագիծի ղեկավար Գազույա Մուռոթան մեծ պատիւ համարեց մասնակցելու այնպիսի ծրագրի մը, որ կրնայ հանդիսանալ երկու երկիրներու բարեկամութեան խթանման գործիք: ՙՄինչեւ այս ես առիթ ունեցած եմ ներկայացնելու Ճափոնը արտասահմանի մէջ, իսկ այս անգամ հնարաւորութիւն ունիմ ներկայացնելու Հայաստանը Ճափոնի մէջ: Մեր նպատակն ու ցանկութիւնն է, որ այս ցուցահանդէսին շնորհիւ մեր երկու ժողովուրդները առիթ ունենան իրար աւելի լաւ ճանչնալու, կապը ըլլայ շարունակական՚, ըսաւ Մուռոթան:
Տաղաւարի կառուցման աշխատանքները ստանձնած կազմակերպութեան ներկայացուցիչը եւս Հայաստան կը գտնուէր, ան ներկայացուց այն արհեստագիտութիւնը, որով պիտի կառուցեն հայկական տաղաւարը: Ընկերութեան ներկայացուցիչը վստահեցուցª ջանք պիտի չխնայեն, որ Հայաստանի համար ստեղծեն տաղաւար մը, որ պիտի մնայ մարդոց սրտերուն մէջ:
Նախարարը ընդգծեց, որ հայկական տաղաւարը կը գտնուի ցուցահանդէսի տարածքին մէջ շատ լաւ տեղª թեմատիկ տաղաւարներու կողքին:
Նախարարութիւնը կը հրաւիրէ ճափոնական շուկայով հետաքրքրուած բոլոր ընկերութիւններուն կապուիլ իրենց հետ, պատրաստ են համագործակցելու բոլոր ընկերութիւններուն հետª Հայաստանը առաւելագոյնս լաւ ներկայացնելու ճափոնական շուկային մէջ:
ՙԲովանդակային առումով մենք ունինք գլխաւոր չորս ուղղութիւններ: Առաջինը ժամանակակից կրթութիւնն է. մենք պիտի փորձենք ներկայացնել ՙԹումօ՚-ն, ՙԱրմաթ՚-ը, COAF-ի արհեստագիտութիւնները, այլ կրթական ծրագրեր, որոնք հետաքրքրական են նաեւ ճափնական հասարակութեան: Միւս ուղղութիւնը բարձր արհեստագիտութիւններ են, որ կը ներառէ թէ՛ բարձր արհեստագիտական, գիտահետազօտական աշխատանքներու իրականացումը Հայաստանի մէջ, թէ՛ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութիւնը: Երրորդ ուղղութիւնը զբօսաշրջութիւնն է, պիտի փորձենք Հայաստանը լաւագոյնս ներկայացնելª իր բոլոր գրաւչութեան վայրերով: Այդ ուղղութեան շուրջ եւս մեծ բովանդակութիւն ենք պատրաստելու: Չորրորդ ուղղութիւնը սնունդն ու գինին են, վստահ եմª այս առումով եւս ճափոնցիներուն ցուցադրելու շատ բան ունինք՚, ըսաւ Քերոբեան:
Հայկական տաղաւարը պիտի հարստացնեն նորագոյն արհեստագիտութիւններով, այդ շարքինª արհեստական բանականութեամբ, թուային արհեստագիտութիւններով, գուցէª ռոպոթներով:
ՙՃափոնական շուկան մեզի համար շատ հետաքրքրական է այն առումով, որ Ճափոնը աշխարհի 3-րդ կամ 4-րդ տնտեսութիւնն է մեծութեամբª 3,5-4 թրիլիոն տոլար ՀՆԱ-ով: Եւ բնականաբար որեւէ խոշոր տնտեսութիւն մեզի համար հետաքրքրական էª որպէս ապրանքներու արտահանման, ներմուծման, արհեստագիտութիւններու փոխանակման եւ բազմաթիւ այլ ուղղութիւններով՚, ըսաւ Քերոբեան:
Նախարարին գնահատմամբª Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու շատ մեծ ներուժ կայ: Հիմա այդ յարաբերութիւններուն մակարդակը, փոխադարձ առեւտուրը տակաւին շատ հեռու են ներուժէն:
Մինչեւ ցուցահանդէսի մեկնարկը հայկական կողմըª առեւտրային պատուիրակութիւններով, քանի մը անգամ պիտի այցելէ Ճափոն, որ ցուցահանդէսին ժամանակ ընկերութիւնները հաստատուած կապեր ունենան ճափոնական ընկերութիւններու հետ:
ՀԱՊԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ 21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովը 21 Դեկտեմբերին պիտի այցելէ Երեւան, ուր պիտի հանդիպի Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետª քննարկելու Մինսքի մէջ կայացած ՀԱՊԿ գագաթաժողովի արդիւնքները£
ՙ2023 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին կը նախատեսուի ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովի այցը Երեւան, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հանդիպում ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ£ Կը նախատեսուի քննարկել ՀԱՊԿ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի, Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու կոմիտէի քարտուղարներու եւ ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի համատեղ նիստը, որ տեղի ունեցած է 2023 թուականի Նոյեմբերին Մինսքի մէջ՚, ըսուած է ՀԱՊԿ Մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ£
2023 թուականին Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ կայացած հանդիպումներուն Հայաստանը չէ մասնակցած£ Հանդիպումներէն յետոյ յայտարարուած էր, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պիտի մեկնի Երեւանª ներկակացնելու հանդիպումներուն բերումով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները£
ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԻԵՆ ՇԱՏ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ՚
ԸՍԱԾ Է ԱՐՄԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի եւ արցախահայութեան խնդիրները առկայ են եւ անոնց բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ պիտի ձեռնարկուին շատ միջոցառումներ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ միջազգային ատեաններու մէջ£ Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգությեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Արմէն Խաչատրեանըª պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը համարեն փակուա՞ծ£
ՙԿը կարծեմ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին դեռ շատ պիտի անդրադառնանք եւ առանց ԼՂ-ի հիմնախնդիրին չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը որեւէ բան պիտի քննարկէ այսօր£ Գրեթէ բոլոր շերտերուն մէջ, բոլոր քննարկումներուն ժամանակ ԼՂ հիմնախնդիրը կը քննարկուի£
Լեռնային Ղարաբաղի եւ արցախահայութեան խնդիրները առկայ են եւ անոնց բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ պիտի ձեռնարկուին շատ միջոցառումներ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ միջազգային ատեաններու մէջ£ Ե՛ւ մարդասիրական, ե՛ւ սեփականութեան իրաւունքներու, ե՛ւ բոլոր իրաւունքները, որոնք ունին արցախցիները՚, ընդգծեց Խաչատրեան£
Անոր խօսքովª բռնի տեղահանուած անձերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը միջազգային դատական ատեաններու մէջ քննարկման պիտի դրուի£
ՙՄարդիկ այնտեղ ունին գոյք, սեփականութիւն եւ այսօր մարդու իրաւունքներու միջազգային կանոնները կը կարգաւորեն այդ խնդիրը, որ մարդը կրնայ վերադառնալ եւ մարդը պէտք է ունենայ այդ իրաւունքները իր գոյքը տնօրինելու, տիրապետելու, օգտագործելու£
Բայց մենք ունինք այլ լուրջ խնդիր£ Ատրպէյճանի այսօրուան տրամադրուածութիւնը եւ անոր վարած քաղաքականութիւնը ակնյայտ ցոյց կու տայ, որ որեւէ իրաւունք չի կրնար պահպանուիլ մեր արցախահայութեան, եթէ անոնք վերադառնան£ Սա պարզ կ՛երեւի, որ անոնց իրաւունքներու կրկնակի ոտնահարման իսկական վտանգներ կան£ Ատրպէյճանը նոյնիսկ իր քաղաքացիներու այդ իրաւունքները ամբողջութեամբ չի պաշտպաներ, ինչի մասին է խօսքը£ Սա բաւականին երկարատեւ գործընթաց է, բազմաթիւ քննարկումներու եւ, կը կարծեմ, որ տակաւին դատական որոշումներու ընդունման արդիւնքով պիտի երեւայ այդ ամէնը՚, եզրափակեց Խաչատրեան£
ՄԱԿ ՅԱՏՈՒԿ ԶԵԿՈՒՑՈՂԻª ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ, ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՎՈՐՄԱՆ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հայաստանը կարեւոր կը համարէ, որ միջազգային հանրութիւնը կը փաստագրէ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակը:
Լրատուամիջոցը հարց տուած էր, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն, ի՞նչ ակնկալիքներ կան, որ վերջերս յայտնի դարձած է, որ Մշակութային իրաւունքներու ոլորտին մէջ ՄԱԿ յատուկ զեկուցողը հաղորդագրութիւն-հարցում ուղարկած է Ատրպէյճանին, որուն մէջ մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման, ԼՂ պատմութեան խեղաթիւրման եւ հայերու հետքերը ջնջելու փորձերու մասին, որոնք մշակութային զտման հաւասար են:
ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակը ըսած է, որ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ ժողովուրդի, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշերու թիրախաւորման, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու մասին: Հաղորդագրութիւնը կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի վճիռին, կը ներկայացուի սրբավայրերու, գերեզմանատուներու ոչնչացման, ՙաղուանացման՚ զեղծարարությեան, հակագիտական մօտեցումներու, այսպէս կոչուած ՙարեւմտեան Ատրպէյճանի՚ եզրոյթով տարածուող կեղծ օրակարգի, հայերու նկատմամբ ատելութեան խօսքի, 19 Սեպտեմբերի յարձակման եւ ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին տեղեկատուութեան:
Յատկանշական է, որ ՄԱԿ յատուկ զեկուցողները բազմիցս անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներու, այդ շարքինª մշակութային իրաւունքներու խախտումներուն, հայկական ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղման դէպքերուն:
Ցաւօք, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վերոնշեալª իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը չէ կանգնեցուցած հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: Այն կը զուգորդուի նաեւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումներով, ՀՀ տարածքի եւ ԼՂ պատմութեան վերաբերեալ հակագիտական զեղծարարութեամբ:
Միեւնոյն ժամանակ, խօսնակը նշած է, որ կարեւոր կը համարեն միջազգային հանրութեան կողմէ այս իրողութիւններուն փաստագրումը, ինչ որ առաջնային նշանակութիւն ունի նմանօրինակ ոճրագործութիւններու կանխման եւ տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման համար:
ՌՈՒՍԹԱՎԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Վրաստանի Ռուսթավի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման արարողութիւնը£
Վրաստանի մէջմ ՀՀ դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ միջոցառման ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանը, Վրաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան Հիւպատոսական բաժանմունքի տնօրէն Կիորկի Թապաթաձէն, նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Կիորկի Մայսուրաձէն£
Իր խօսքին մէջ, ՀՀ դեսպանը կարեւորած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացումըª ընդգծելով անոր գործունէութեան նշանակութիւնը յատկապէս Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ միջհասարակական շփումներու աւելի աշխուժացման տեսանկիւնէն£
Միջոցառման կը մասնակցէին Վրաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան, Ռուսթավիի քաղաքապետարանի եւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ£