ՙԱրարատ՚ օրաթերթը կը ներկայացնէ ՙՄետիամաքս՚ի ՙԳիտամարդ՚ շարքը այն մարդոց մասին, որոնք հասկցած են, որ իրենց կոչումը հետազօտող ըլլալն է եւ, չնայած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, որոշած են ներուժն ու ժամանակը ներդնել գիտութեան մէջ: Ինչո՞վ կը զբաղի գիտնականը, ո՞րն է անոր առօրեայ գործունէութիւնը եւ որո՞նք են գիտութեամբ զբաղելու մղումները: Նախագիծին նպատակն է բարձրաձայնել գիտութեան յառաջընթացին եւ յաջողութիւններուն, գիտութիւն-հասարակութիւն-տնտեսութիւն կապի կարեւորութեան մասին:
ՇՈՒՇԱՆԻԿ ԱՍՄԱՐԵԱՆ. ՀՈԳԻԴ ՊԻՏԻ ԴՆԵՍ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Հարցասիրութիւնն ու ՙինչու՚-ներու պատասխանները գտնելու պահաջն էին, որ ՀՀ Գիսութիւններու ազգային ակադեմիայի բնապահպանական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Էքոկեդրոն) գիտաշխատող Շուշանիկ Ասմարյեանը շեղեցին ֆիլմի աշխարհը բացայայտելէ ու բերին գիտութիւն:
Դէպի Աշխարհագրութիւն երկար ճանապարհը
Մասնագիտութեան ընտրութեան հարցով աշխարհագրական գիտութիւններու թեկնածուն երկար ճանապարհ անցած է. ՙԴպրոցին մէջ ընդգրկուած էի փոքրիկ գիտակներու ակումբին մէջ, որ կը ղեկավարէր մեր աշխարհագրութեան ուսուցչուհին` մայրս, նոյնիսկ մեր սեփական թերթը ունէինք, որ ձեռագրով կը գրէինք: 1994 թուականին աւարտեցի դպրոցը: Մոսկուայի մէջ բեմադրական կրթութիւն ստանալու մեծ երազանք ունէի, բայց հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին, մենք կ՛ապրէինք պատերազմող Հայաստանի մէջ: Ցանկութիւն յառաջացաւ ընդունուիլ Երեւանի պետական համալսարան. անցումը կտրուկ էր` Քիմիգիտութեան բաժանմունք՚:
Մէկ տարիուսանելէ յետոյ կը հասկնայէ, որ մասնագիտական կողմնորոշումը ճիշդ չէր, եւ քանի որ փոքր ժամանակէն միշտ կապուած եղած է բնութեան, սիրած է արշաւներու երթալ, ծնողներն աէլ մասնագիտութեամբ աշխարհագրագէտներ են, յաջորդ տարիէն կը տեղափոխուի Աշխարհագրութեան բաժանմունք: Այս որոշումը կտրուկ կը փոխէ ինչպէս մասնագիտական, այնպէս ալ կեանքի հետագայ ուղին:
ՙԱյն կախարդանքը, որ ունի Երկիր մոլորակը, ինչպէս նաեւ երկրի մակերեւոյթէն մինչեւ տիեզերք տարածուող հարցերուի մեծ շղթան կը գրաւէին զիս: Չորրորդ տարին էի, երբ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տարրալուծարանի աշխատակիցի ազատ տեղի յայտարարութիւն եկաւ, սկսայ աշխատիլ այս փոքրիկ, բայց գիտական բացառիկ աւանդոյթներով կեդրոնին մէջ՚, կ՛ըսէ Էքոկեդրոնի ՙԱշխարհագարական տեղեկատուական համակարգեր եւ հեռազննման արհեստագիտութիւններ՚ բաժանմունքի ղեկավար Շուշանիկ Ասմարյեանը:
Հետախուզելով բնութիւնը տիեզերքէն
Էքոկեդրոնը ԳԱԱ համակարգին մէջ ամենաերիտասարդ կառոյցն է, որ ձեւաւորուած է պատերազմող Հայաստանի մէջ, երբ հրամայականը երկրի պաշտպանութիւնն էր եւ ընկերային սուր ճգնաժամի յաղթահարումը, եւ ուր շատերը, այդ շարքին` գիտութեան ոլորտի մասնագէտները, կը լքէին երկիրը: Այսօր կեդրոնը եզակի գիտափորձարարական դպրոց է, որ աշախոյժ միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ ճանչցուած է աշխարհի մէջ:
ՙԲնութեան բնապահպանական վիճակը, անոր հետ կատարուող փոփոխութիւնները կրնանք տեսնել տիեզերքէն ստացուած լուսանկարներուի շնորհիւ£ Այդ լուսանկարները ուսումնասիրելով` կը փորձենք հասկանալ բոյսերու, հողերու, ջրային աւազաններու (լիճերու) բնապահպանական վիճակը, գնահատել, օրինակ, բոյսերու աղտոտուածութիւնը: Աւանդական մեթոտներով հետազօտութիւնները (նմուշարկում, քիմիական քննութիւն, արդիւնքներու վերլուծութիւն) բաւական աշխատատար եւ ծախսատար են£ Տիեզերքէն ստացուած նկարներուն մէջ կարելի է տեսնել բոյսերու, հողերու, ջուրերուի բնապահպանական վիճակը ընդարձակ տարածքներուի վրայ, առանձնացնել խնդրայարոյց տեղամասերը, ուր մասնագէտները կ՛իրականացնեն աւանդական հետազօտութիւնները աւելի թիրախաւորուած: Այսպիսով, այս մեթոտները մեզի գիտութեան մէջ հետախուզում կ՛ապահովեն՚, կ՛ըսէ ան:
Տիեզերական նկարներու շուկան շատ մեծ է: Գերիշխող դիրք ունին ամերիկեան ու եւրոպական արբանեակները£ Ամերիկեան արբանեակներէ (LANDSAT, Worldview) ստացուած նկարներու բնագիտութիւնը աւելի ծանօթ է. այդ նկարները վաղուց կը ստացուին եւ լայնօրէն կը կիրառուին£ Միջին եւ փոքր լուծաչափի արբանեակային նկարները (LANDSAT, Sentinel, MODIS եւ այլն) անվճար հասանելի են համացանցային շտեմարաններուն մէջ£ Սակայն, ընդհանուր առմամբ նկարները բաւական թանկ կ՛արժեն, նոյնիսկ եթէ արխիւային լուսանկար են եւ ոչ թէ նոր պատուիրուած£
Խումբ կ՛ուսումնասիրէ եւրոպական (Sentinel 2) արբանեակային լուսանկարներու հնարաւորութիւնները, քանի որ անոնց տարածական լուծաչափը շատ աւելի բարձր է, քան ամերիկեան LANDSAT արբանեակինը£ Հնարաւորութեան պարագային դրամաշնորհային ծրագրերու կը դիմեն եւ կը կարենան թանկարժէք լուսանկարներ եւս ձեռք բերել£
ՙՄեր հետազօտութիւնները կիրառական մեծ նշանակութիւն ունին£ Արդէն հասցուցած ենք համագործակցիլ Երեւանի քաղաքապետարանին հետ` Երեւան քաղաքի կանաչապատման ծրագրի մշակման աշխատանքներուն մէջ: Մասնաւոր կազմակերպութեան պատուէրով կ՛իրականացւուին հետազօտութիւններ տիեզերական նկարներու միջոցով Սեւանայ լիճի ջուրի ջերմաստիճանի, պղտորութեան, ծաղկման աստիճանի ուսումնասիրման ուղղութեամբ՚, կ՛ըսէ Շուշանիկ Ասմարեան£
Բոյսերու աղտոտման ուսումնասիրութեան համար այս մեթոտները լիարժէք կիրառելի են, ինչ որ դեռ վաղ է ըսել հողերու համար: Հողերու աղտոտումը տիեզերքէն ՙտեսնելը՚ դեռ շատ դժուար է. պէտք է գտնել յաւելեալ բանալիներ£
ՙՄենք բոյսերու հեռազննում կատարած ենք Աբովեան պուրակի տարածքինմ: Տիեզերքէն ստացուած լուսանկարներուն մէջ կային գունային երանգաւորման տարբերութիւններ այգիի` փողոցին յարող եզրային հատուածէն, ուր կայ երթեւեկութիւն, դէպի այգիի խորք: Այդ մեր մասնագէտներուն ստիպեց կատարել նմուշարկում ծառատեսակներէ` փողոցէն դէպի այգիի կեդրոն ուղղութեամբ£ Բոյսի տերեւներուն կողմէ արեգակնային ուժանիւթի կլանման եւ անդրադարձման յարաբերութեան ուսումնասիրութիւնը կու տայ հնարաւորութիւն հասկնալու, թէ բոյսը ինչ վիճակի մէջմ է£ Ստացուած նմուշներու քիմիական քննութեան բերումով պարզուեցաւ, որ իրօք երկու ծառատեսակներուն մօտ կապարի եւ զինքի մեծ պարունակութիւններ կան՚, իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցած է գիտաշխատողը:
Էքոկեդրոնը համաքայլ է աշխարհի գիտական հանրութեան հետ£ Հայաստանի գիտնականներուն կողմէ այդ մեթոտներու մշակումը նոյն ոլորտի արտասահմանցի գիտնականները կը հետաքրքրէ, ինչ որ զանոնք կը դրդէ համագործակցութեան. ՙմիջազգային հարթակներու վրայ յաջողութեամբ կ՛աշխատինք. Էքոկեդրոնի շնորհիւ Հայաստանը կ՛անդամակցի Երկրագունդի զննման համաշխարհային խումբ (GEO) նախաձեռնութեան (կառավարական կազմի մէջ ենք), որ բաց տեղեկատուական սըրվըրի մէջ կը տեղադրէ տարբեր երկիրներու մէջ կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքները` դարձնելով զանոնք մատչելի միջազգային գիտական հանրութեան՚£
Գիտութեան վիճակը շատ ճնշող է
Շուշանիկ Ասմարեան կը նկատէ, որ Հայաստանի մէջ գիտութեան ոլորտը ամենախնդրայարոյցնեէնց մէկն է եւ ունի պետական հովանաւորութեան լուրջ կարիք£
ՙՄենք հիմա ծայրաստիճան յամառութեամբ կը փորձենք վերազինել տարրալուծարանները, շարունակել ուսումնասիրութիւնները£ Միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ դժուարութեամբ հասանելի կը դարձնենքմ գիտութեան համար նախատեսուած եւ աշխարհի մէջ առկայ ֆինանսական միջոցները£ Հարկաւոր է պետական կառոյցներուն կից ստեղծել գիտափորձարարական խորհրդատուական կեդրոններ, ուր կը ներգրաւուին տարբեր գիտակիրառական ուղղութիւնները ներկայացնող գիտնականներ: Գիտնականը պէտք է զգայ, որ իր աշխատանքն ու փորձը պիտանի են£ Գիտնականին համար ցաւալի է, երբ իր ուսումնասիրութիւնները, նոր մշակուած մեթոտական մօտեցումները մնան նեղ գիտական շրջանակներու մէջ՚:
Շուշանիկ Ասմարեանը չի հաւատար, որ գիտութիւնը իր մայրամուտը կ՛ապրի. ՙՄենք լուրջ երիտասարդ ներուժ ունինք. խելացի սերունդ կը մեծնայ, որուն սակայն կը հարուածեն ընկերային խնդիրները եւ կը խանգարեն Հայաստանի մէջ գիտութեամբ զբաղելուն: Պետութիւնը պէտք է հասկնայ, որ այդ ներուժը պէտք է պահպանելª ի նպաստ Հայաստանի մէջ գիտայեն տնտեսութեան զարգացման: Այս վիճակը ճնշող է՚£
Գիտաշխատողը կը շեշտէ, որ գիտութիւնը կ՛ընտրեն նուիրեալները, որոնց շարքերը հետզհետէ կը նօսրանան: Ըստ անորª յաճախ այնպէս կը պատահի, որ գիտնականներէն ոմանք, արտասահմանի մէջ վերապատրաստուելէ յետոյ, կը վերադառնան, որոնց մէկ մասը այդուհանդերձ դարձեալ կը մեկնի£
ՙԲայց նոյնիսկ արտասահման մեկնած գիտնականներէն շատերը կամուրջ կը դառնան գիտական կապերու ստեղծման համար, որոնք ալ պիտի աշխատին ի նպաստ երկրին մէջ գիտութեան զարգացման£ Հայազգի երիտասարդ մեր գիտնականներու շնորհիւ մենք կապեր ստեղծած ենք Իրլանտայի, Բրիտանիոյ եւ բազմաթիւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ՚, կ՛ըսէ ան:
Գիտականէն առեւտրային ծրագիր ճանապարհը բարդ է
Գիտաշխատողին բնորոշմամբª գիտական ծրագիրը առեւտրյինի վերածելը բաւական բարդ գործընթաց է: Այստեղ ի յայտ կու գան նոր, գիտութեան աշխարհի ներկայացուցիչին խորթ դժուարութիւններ` կապուած պիւրոքրաթական քաշքշուկներու եւ վազվզոցի հետ, որուն հետեւանքով գիտութեամբ զբաղելու ժամանակ չի մնար£
ՙԳիտական աշխատանքը պէտք է մատչելի ու գրաւիչ ներկայացուի ներդրողին, որուն համար կը պահանջուի միջանկեալ օղակ, որ գիտնականին պիտի օգնէ մտնել իր ուսումնասիրութիւններու կիրառման շուկայ£ Իսկ այդ օղակին դերը բնաւ գիտնականինը չէ£ Մենք հիմա դեռ մեր ուժերով կը փորձենք այդ օղակին գործառոյթները իրականացնել՚:
Հետաքրքրական դառնալ արտասահմանեան ֆինանսական աղբիւրներու համար
Ըստ Շուշանիկ Ասմարեանի, վհատիլ պէտք չէ£ Պէտք է անմնացորդ նուիրումը շարունակէ գոյութիւն ունենալ. ՙԵս իրատես եմ, բայց նուիրումը կարեւոր է գիտութեան մէջ£ Հաւատք է պէտք եւ յամառ աշխատանք՚:
Գիտութեան առողջացման համար բազմաթիւ քայլեր են հարկաւոր: Նախեւառաջ, ըստ գիտաշխատողին, պէտք է երիտասարդներ պահել գիտութեան մէջ. անոնց ճկուն միտքը ամենամեծ արժէքն է£
Ան կը նկատէ, որ արտասահմանի մէջ ֆինանսներ շատ կան, պէտք է դառնալ հետաքրքրական, որպէսզի անոնք ուղղուին դէպի մեր երկրի գիտութեան զարգացման:
www©mediamax©am
(2016)