Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

November 10, 2023
in Գաղութային
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, 2023-ին, Պոսէի էքիւմենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ£ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչª Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը£

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցինª դիտել տալով, որ Արցախի ցեղային զտման վտանգին առնչուած միջազգային մամուլի արձագանգները եւ արտայայտուած պոռթկումները անբաւարար էին£ Ան ընդգծեց, որ հակառակ բանաւոր դատապարտումներուն, միջազգային պատկան մարմինները որեւէ քայլ չառին դադրեցնելու համար մարդկային իրաւունքներու խախտումները£

Ան նաեւ նշեց, որ անընդունելի է պատճառաբանել, թէ տեղի ունեցող այլ պատերազմները ՙյոգնեցուցած էին՚ հաւաքականութիւնը, երբ ամբողջ Արցախի բնիկ ժողովուրդը 3 Հոկտեմբեր 2023-ին արմատախիլ եղաւ իր հայրենիքէն£ Աւելին, ատկէ քանի մը օր ետք բռնկած Կազայի պատերազմին նման ՙյոգնածութեան՚ խնդիր մը սեղանի վրայ չդրուեցաւ, այլ ստացաւ մամուլի պատշաճ արձագանգ£ Այնուհետեւ, Հայր սուրբը դատապարտեց միջազգային լրատուամիջոցներու լռութիւնը նաեւ այլ պատերազմներու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, ինչպէս շատ մը ափրիկեան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտերուն, Սուրիոյ պատերազմին 12-րդ տարուան եւ Լիբանանի չորս տարուան ահաւոր տագնապներուն£ Ան ըսաւ, որ ինչպէս բոլոր բարի կամեցութեան տէր մարդիկ կը դաւանին, նման բռնութիւններու մէջ ապրող բոլոր մարդկանց նեցուկ կանգնելով միայն կարելի է հասնիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան£

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, որ ներկայ էր համաժողովին, ԵՀԽ-ի ամբողջական նեցուկը արտայայտեց արցախահայութեան եւ անոր արդար դատին£ Ի դէպ, ան Հայաստան կը գտնուէր, երբ սկիզբ առաւ Արցախի ցեղային զտման վերջին փուլը եւ ընկերային ցանցերու իր անձնական հաշիւէն ուղղակիօրէն սփռած էր իրմէ քանի մը քիլոմեթր անդին տեղի ունեցած ռմբակոծումները£ Այդ սփռումը օգտագործուած էր միջազգային կարգ մը լրատու գործակալութիւններու կողմէ£

Հայր Հրանդ նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած 120 հազար արցախահայութեան իրավիճակին մասին եւ ընդգծեց անոնց նուազագոյն իրաւունքները£ Ան մերժեց Ատրպէյճանի հաստատումները, որ իբրեւ թէ վերջինս կ՛ողջունէ հայերուն Ատրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալըª կեղծիք մը, որուն ոչ մէկ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւն լրջօրէն կ՛անդրադառնայ, մինչ, զուգահեռաբար, Ալիեւի վարչակարգը կը սպառնայ պատերազմի նոր ճակատներ բանալ Հայաստանի դէմ£

Համագումարներու անդամները հետաքրքրուեցան ցեղասպան երկու համակարգերու շուքին տակ ապրող Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի ժողովուրդին տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին£ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է որպէս եկեղեցիներ լաւագոյն կերպով բարձրաձայնել այս հարցը, Հայր սուրբը կարեւորեց Հայաստանի մէջ, ի մասնաւորի Սիւնիքի մէջ, դեսպանատուներ բանալը£ Ան նշեց վերջերս գանատական դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան առաքելութեան Հայաստան հաստատուիլը, որ ինքնին ազդու խորհրդանշական յայտարարութիւն մըն է ի պաշտպանութիւն տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքներու£ Վերջապէս, ժողովը առաջնահերթութիւն տուաւ նաեւ բռնի տեղահանուածներու օգնութիւն մատակարարելուն. ժողովականները վստահեցուցին իրենց յանձնառութիւնը այս առնչութեամբ£

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Next Post
ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.