Իւզպէքիստանի մայրաքաղաք Թաշքէնտի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական համագործակցութեան գերաստիճանի ծիրին մէջ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ժողով գումարեցին: Օրակարգի հիմնական նիւթն էր Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմը, մարդասիրական վիճակը ու առնուելիք քայլերըª վիճակը բարելաւելու համար:
Նախագահ Էրտողան իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց միացեալ ճնշումը աւելցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ընդունի զինադուլ յայտարարել: