Միացեալ Նահանգներու նախագահի գրասենեակի լրատուական աղբիւրը յայտարարեց, թէ Իսրայէլ ԱՄՆ-ը տեղեակ պահած է, թէ օրական չորս ժամուան դրութեամբ զինադուլ պիտի յայտարարէ Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ: Նոյն աղբիւրը տեղեկացուց, թէ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի մտնէ Կազա եւ այս առօրեայ զինադուլը դրական քայլ է: