Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, թէ շատ մարդիկ գիտեն 27 Հոկտեմբեր 1999-ի ոճիրը գործադրողներուն դրդապատճառները եւ դերակատարները, ինչպէս նաեւ 1 Մարտ 2008-ի ոճիրը գործադրողներուն դրդապատճառներն ու դերակատարները: Կը մնայ արձանագրել ու պատժել այդ դերակատարները:
Ան յայտնեց, որ 24 տարի անցած է այդ ոճիրէն ու հարցին ծալքերը բարդացած են: Սիմոնեան աւելցուց, որ նոր Հոկտեմբեր 27 կարելի է, եթէ նկատի առնենք այդ ոճիրէն առաջ տեղի ունեցած դէպքերը: Նոյն դէպքերը կրնան կրկնուիլ հիմա, մանաւանդ որ Մեղրին յանձնելու օրակարգը դարձեալ դարձած է հրատապ: