Պաղեստինեան ՙՀամաս՚ շարժումի ՙԱլ Քասսամ՚ գումարտակը շարունակեց ռմբակոծումը իսրայէլեան խարիսխներու: Ան յայտարարեց, թէ ռմբակոծեց ՙՌահիմ՚ խարիսխը, մայրաքաղաք Թել Աւիւը:
Երէկ Կազա նահանգը ենթարկուեցաւ ամենաբուռն ռմբակոծումին, ցամաքէն, օդէն ու Ծովէն:
ՙԱլ Քասսամ՚ յայտարարեց, թէ ձախողցուց իսրայէլեան բանակի ցամաքահանումի փորձ մը Կազայի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքին շուրջ:
Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, զոհերու թիւը հասաւ 7326-ի, որոնցմէ 2913 երեխայ ու 1709 կին: Վիրաւորներուն թիւը հասաւ 18.500-ի, իսկ անհետ կորսուած կը նկատուի 1650 հոգի: