Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աւագ խորհրդականը յայտարարեց, թէ Կազայի յարձակումը պէտք է ըլլայ յանկարծակի ու արհեստավարժ: ՙՀամաս՚ իրենց կը սպասէ եւ պատրաստ է: Ան ընդունեց, որ ճակատամարտը դժուար պիտի ըլլայ ու իրենց երիտասարդներէն մաս մը պիտի չվերադառնայ: Ան աւելցուց, որ ՙՀամաս՚ որեւէ տեղեկութիւն չի փոխանցեր պատանդներուն մասին: