Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ.-Տ.Ո.Ե.Մ. ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ-ՍԵՄԻՆԱՐ 2023

October 14, 2023
in Գաղութային
0
Ս.Դ.Հ.Կ.-Տ.Ո.Ե.Մ. ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ-ՍԵՄԻՆԱՐ 2023

Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան, Ռաս Էլ Մէթն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձածª Միութեան տարեկան  եռօրեայ բանակում-սեմինարը: Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, տխրունիկանները Տխրունի ակումբէն մեկնեցան դէպի բանակավայր:

Բանակում-սեմինարի ընթացքին հնչակեան երիտասարդ-երիտասարդուհիները  բաժնուեցան 7 խմբակներու եւ իւրաքանչիւր խմբակ անուանուեցաւ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան հերոսներու անունով: Սոյն բանակում-սեմինարին Տ.Ո.Ե.Միութեան վարչութիւնը պատրաստած էր յատուկ յայտագիր մը` ազգային, կուսակցական գիտելիքներու դասըթացքներով լի, մարզական խաղերով եւ ընդհանուր զարգացման մրցումով, որուն մասնակցեցան բոլոր տխրունիականները:

Բանակումի առաջին օրը, դրօշակի արարողութենէն ետք, Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ ընկեր Սեւակ Իզմիրլեան, որ բանակումի մասնակիցներուն ներկայացուց բանակում-սեմինարին յայտագիրը եւ օրէնքները: Որմէ ետք բոլոր ներկաները խարոյկին շուրջ համախմբուեցան` ազգային, հայրենասիրական եւ կուսակցական երգեր երգելով:

Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան զարթնումէն ետք, բանակումին մասնակիցները իրենց օրը անցուցին ըստ ծրագրուած յայտագիրին: Երեկոյեան, Տ.Ո.Ե.Մ. վարչութեան հրաւէրով բանակավայր այցելեց Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, որ իր խօսքը ուղղեց հնչակեան երիտասարդութեանª շեշտելով կուսակցութեանս գաղափարախօսութիւնն ու սկզբունքը, եւ անդրադառնալով տիպար միութենականի յատկանիշերուն: Ինչպէս նաեւ ան գնահատեց Տ.Ո.Ե.Մ. վարչութիւնը եւ տխրունիականները իրենց նուիրուածութեան եւ աշխոյժ գործունէութեան համար կուսակցութեան կեանքէն ներս: Շարունակելով դասախօսական եւ դաստիարակչական ծիրէն ներս, յատուկ այս առիթով հրաւիրուած` Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան նախկին ատենապետ Ընկ. Տիգրան Միհրանեան ներկաներուն լուսաբանեց տխրունիականի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ տիպար տխրունիականի ծառայութիւնը հայրենիքին եւ կուսակցութեան հանդէպ:

Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, Միութեանս Քարոզչական դիւանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդհանուր մրցումի օր, ուր 7 խմբակները մարզական ոգիով մրցեցան: Մրցումները կը բաղկանային զարգացման, մարզական եւ այլ խաղերէ. մասնակիցները ստացան վարչութեան գնահատանքը եւ վարչութեան կողմէ յատուկ նուէրներ բաշխուեցան: Որմէ ետք ներկաները լծուեցան գործի` բանակավայրի ամփոփման եւ մաքրութեան:

Կիրակի կէսօրէ ետք տխրունիականները վերադարձան բանակավայրէն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post

«ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՄԵԶԻ ՁԳԵՑԷՔ»

Next Post
«ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՄԵԶԻ ՁԳԵՑԷՔ»

«ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՄԵԶԻ ՁԳԵՑԷՔ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.