Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

October 14, 2023
in Գաղութային
0
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

 

Լիբանանահայ համայնքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անցնող շաբաթավերջին Նոր Հաճնոյ մէջ նշուեցան Հաճնոյ հերոսամարտի 103-ամեակն ու Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 85-ամեակը, կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան ու եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին:

Կիրակի, 8 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Նոր Հաճըն ժամանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Շահէ Արք. Փանոսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Աւ. Քհնյ. Հեճինեանի եւ թաղականութեան կողքին: Առաջնորդ Սրբազանին ողջունեց ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբը եւ տեղի ունեցաւ քայլերգներու ունկնդրութիւն: Առաջնորդ Սրբազանը պատարագեց եւ քարոզեց հաւատացեալներուն: Ան մաղթեց, որ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին շարունակէ իր հոգեւոր եւ ազգանուէր առաքելութիւնը, նաեւ անդրադարձաւ Հաճնոյ Հերոսամարտի պատգամին:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ` Հաճնոյ հերոսներուն եւ բոլոր հաճընցի ննջեցեալներու յիշատակին, նաեւ օրհնուեցաւ քանի մը ժամ առաջ թաղամասին մէջ պատրաստուած աւանդական ճիտապուրը:

Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի պաշտօնական ընդունելութիւն, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամներուն, հիւրերու, հաճընցիներու եւ թաղի բնակիչներու:

Տէր Նարեկ Աւ. Քհնյ. Հեճինեան իր հակիրճ խօսքին մէջ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք մասնակից կը դառնան եկեղեցւոյ բարեզարդումի աշխատանքներուն: Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ բարերարներու աջակցութեամբ եկեղեցին շուտով պիտի օժտուի վերելակով:

Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Նազօ Ճէրէճեան միութեան խօսքին մէջ շեշտեց, որ բոլոր ներկաները ուրախ են Շահէ Արք. Փանոսեանի ներկայութեամբ: Աննախադէպ համարելով եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու Հաճնոյ հերոսամարտի միացեալ նշումը, ան բացատրեց, որ այս առթիւ մշակուած էր յատուկ ծրագիր, որ կարելի չեղաւ գործադրել` Արցախի վերջին զարգացումներու լոյսին տակ: ՙԲոլորիս համար մտահոգութիւն է Արցախի եւ Հայաստանի իրավիճակը, որովհետեւ դարձեալ կը բոլորենք լինել-չլինելու դրութիւնը՚, ըսաւ Ընկ. Ճէրէճեան եւ շեշտեց, որ այս ծանր փուլը կարելի է յաղթահարել միայն ազգային միասնականութեամբ:

Ապա թաղականութեան խօսքը արտասանեց Խորհուրդի ատենապետ Ընկ. Աւագ Պարախեան, որ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները` եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 85-ամեակին առթիւ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին` Հաճնոյ հերոսամարտի ոգեկոչումը եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը միասնաբար նշելու իր արտօնութեան համար: Ան հակիրճ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան` խօսելով եկեղեցւոյ հողաշերտի ապահովումին, ցանկապատումին, առաջին պատարագի մատուցումին, ապա եկեղեցւոյ կառուցումին եւ անոր օժանդակած ազգայիններու աջակցութեան մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին եւ եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր անհատներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ խօսեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի նման պատմական դրուագներ միշտ յիշելու անհրաժեշտութեան մասին եւ ահազանգեց, թէ այն ժողովուրդները, որ կը մոռնան իրենց պատմութիւնը, դատապարտուած են կորուստի: ՙՈւրախ ենք, որ տակաւին կան իրենց պատմութեան յանձնառու համայնքներ, ուստի մենք չենք կորսուիր: Իր անցեալն ու արմատները յարգողը միշտ կ’ապրի՚, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:

Խօսելով եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր նախնիներուն առաջին գործն էր կառուցել եկեղեցին: Ան շեշտեց, որ այժմ ժամանակը հասած է հոգալու Սփիւռքին եւ զայն աշխուժացնելու, այնպէս ինչպէս նշուած է Վեհափառ հօր կոնդակին մէջ: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Նոր Հաճնոյ համայնքը տակաւին կ’ապրի եւ օժանդակ կը հանդիսանայ հայորդիներուն:

Պատմական Հաճնոյ մէջ կռուած եւ զոհուած հաճընցիներու յիշատակին նուիրուած աւանդական ճիտապուրի պատրաստութիւնը Նոր Հաճնոյ մէջ տեղի ունեցած էր Շաբաթ երեկոյեան: Ինչպէս ամէն տարի, հաճընցիներ, լիբանանահայեր եւ հիւրեր մէկտեղուեցան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ առջեւ, ուր Հաճնոյ հայրենակցական միութեան տիկինները կը կազմակերպէին ճիտապուրի պատրաստութիւնը: Ոգեկոչումի հանդիսութենէն առաջ, Նոր Հաճնոյ մօտակայ փողոցներուն վրայ տողանցեցին ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբն ու արիները, նուագելով սկաուտական, ազգային եւ հայրենասիրական երաժշտութիւն: Անոնք ապա մուտք գործեցին Նոր Հաճըն` թնդացնելով հաճընցիներուն ՙՕդանաւն եկաւ՚ը:

Ոգեկոչումի հանդիսութեան բացումը գեղարուեստական իւրայատուկ ձեւով կատարեց ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնուհի Ընկ.հի Անի Եփրեմեան: Ան շեշտը դրաւ միասնականութեան անհրաժեշտութեան վրայ, յիշեցնելով որ այդ է հայ ժողովուրդի փրկութեան գրաւականը:

Հաճնոյ հերոսամարտի 103-ամեակի ոգեկոչումի հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ ՙԳայիանէ՚ երգչախումբը եւ ՙՏօնէրեան՚ լարային եռեակը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հաճնոյ հայրենակցական միութեան փոխատենապետ Ընկ. Նազօ Ճէրէճեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, Հաճնոյ հերոսամարտին եւ Արցախի մերօրեայ զարգացումներուն: Ան պատմեց, որ Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին անուանակոչուած է պատմական Հաճնոյ նոյնանուն եկեղեցւոյ յիշատակով, իսկ օծումը կատարած է պատմական Հաճնոյ վերջին առաջնորդը:

Ան Հաճնոյ հերոսամարտը նմանցուց վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, նշելով որ Հաճնոյ եւ Արցախի վրայ զոյգ ճնշումներն ալ տեւած են 9 ամիս: ՙԵրկու պարագաներուն ալ արտաքին ուժերը չեն օժանդակած հայերուն, այլ պարզապէս ականատես դարձած են հայերու կոտորումին՚, ըսաւ Ընկ. Ճէրէճեան: Ան ցաւ յայտնեց հայութեան միասնականութեան յաճախակի բացակայութեան համար եւ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը հայրենիքը ամրացնելու փոխարէն աւելի ու աւելի հեռացած է անկէ: Ընկ. Ճէրէճեան որպէս հրատապ քայլ կոչ ուղղեց պահպանելու Արցախէն տեղահանուածները, զերծ մնալու փոխադարձ ամբաստանութիւններէն, ներքին մանր տարակարծութիւններէն եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը դասելու ամէն բանէ վեր: Ան նաեւ զգուշացուց արտաքին ուժերուն վստահելէ, յիշեցնելով որ նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցած երկիրները անտարբեր մնացած են Արցախի մէջ տեղի ունեցածին դիմաց: Ընկ. Ճէրէճեան նաեւ անդրադարձաւ նոյն օրը արեւածագին Կազայի մէջ տեղի ունեցած պաղեստինեան գործողութեան, կոչ ուղղելով զօրացնելու հայրենիքը, որպէսզի ամրացնէ բանակը եւ միջազգային յարմար պահուն վերադարձնէ հայուն իրաւունքը: Ան հայրենիքով մտահոգուած հայորդիներուն կոչ ուղղեց երթալու եւ այնտել շարունակելու իրենց կեանքը, զարգանալու եւ զարգացնելու Հայաստանը:

Իր ուղերձի աւարտին, Ընկ. Նազօ Ճէրէճեան հաւաստիացուց, որ ամէն ինչ կորսուած չէ, այլ կարելի է մեր իրաւունքները վերականգնել` ընդ որում Արցախի մէջ, բայց միայն երբ բռունցքուինք:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ

Next Post

2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post
2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.