Թրքական իշխանութիւններ ձերբակալած են տասնեակ մը քիւրտ քաղաքացիներ Ներքին գործերու նախարարութեան վրայ կատարուած յարձակումէն ետք: Ձերբակալութիւնները կատարուած են երկրի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր քիւրտերը մեծամասնութիւն կը կազմեն: Ըստ նախարարութեան, 67 հոգի ձերբակալուած է 16 գաւառի մէջ: