Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

July 21, 2023
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ԴԵՐԸ

Համաշխարհայնացումը, որ կլանեց աշխարհը 1980-ականներէն սկսեալ, բռնած է վայրէջքի ճամբան: Վկայ ներկայի տնտեսական տագնապները, որոնք կը կրեն համաշխարհային բնոյթ: Ի՞նչ համակարգ պիտի տիրէ գալիք տասնամեակին եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի դերը: Շրջանային պլոքներու հիմնումի շարժումը արդէն սկսած է: Լիբանան մաս պիտի կազմէ արաբական Միջին Արեւելքի խմբաւորումին: Այս խմբաւորումը ունի բնական եւ մարդկային պաշարի հսկայ ներուժ: Լիբանան ի՞նչ դեր պիտի վերցնէ այս համախմբումին մէջ: Ճարտարարուեստը, գիւղատնտեսութիւնը, մարդկային պաշարի զարգացումը եւ քարիւղի ու բնական կազի արտադրութիւնը մեծ բարիք կրնան բերել երկրին ճիշդ ձեւով ծրագրելու եւ օգտագործելու պարագային:

Ուրեմն, ժամը հասած է ընտրելու բանիմաց քաղաքական ղեկավարութիւնª երկիրը փրկելու համար ներկայի ճահճային վիճակէն ու զայն պատրաստելու համար ապագայի մեծ դերին, որ կրնայ ստանձնել այս հրաշալի երկիրը իր զարգացած բնակչութեամբ:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

Հայաստանի հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն, ամփոփելով իր տարեկան աշխատանքը, հրապարակած է տեղեկագիր մը, ըստ որուն, տնտեսական յանցանքի եւ մաքսանենգութեան միջոցով պետութեան հասցուած վնասի գումարէն մաս մը գանձուած է եւ մտած է պետական ամավարկ կամ պիւտճէ: Ըստ տեղեկագրին, այդ գումարը 9 միլիառ 600 միլիոն հայկական դրամ է:

Արցախի տագնապը ունի իր տեղական, շրջանային եւ միջազգային գործօնները: Պատմութիւնը սերտելով եւ ներկայի վիճակը քննութենէ անցընելով պիտի նկատենք, թէ Հայաստանի իշխանութեան բռնած ներկայ քաղաքական ուղին պիտի չառաջնորդէ լուծումի, այլ պիտի բարդացնէ վիճակը: Ատրպէյճան սովորական պետութիւն չէ: Զայն հիմնադրողը նոյն Թուրքիան հիմնադրողն է, անկլօ-սաքսոն համակարգը: Այսինքն ֆաշիզմը եւ հայատեացութիւնը կը գտնուին այդ պետութեան հիմնադրութեան ակունքին: Չես կրնար երկխօսութիւն կատարել կողմի մը հետ, որ քու ներկայութիւնդ այդ հողին վրայ չ’ընդունիր: Վկայ Խորհրդային միութեան օրերուն այդ պետութեան վարած հայահալած քաղաքականութիւնը, դպրոցներու դէմ արգելքը, Նախիջեւանի պարպումը: Անկախ Ատրպէյճանի հետ բանակցիլը աւելի դժուար է: Եւրոպական միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները երկու կողմեր են, որոնք ցարդ ոչ մէկ օժանդակութիւն կատարած են Հայաստանին եւ Արցախին, բացի խօսքերէ եւ խոստումներէ: Պատճառը անոնց վարած հակաքրիստոնէական, շահի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնն է 19-րդ դարէն սկսեալ: Փաստերը թող խօսին: Ուքրանիոյ պատերազմը թող խօսի: Արեւմուտքի մէջ եկեղեցիներու փակումը թող խօսի: Հակքրիստոնէական արշաւը թող խօսի հակաբնական իր քաղաքականութեամբ: Ուրեմն, մեզի կը մնայ վարել հակակշռումի քաղաքականութիւն, մօտենալով շրջանային այն պետութիւններուն, որոնք շահ ունին մեզի օժանդակելու մէջ ցարական Ռուսիոյ օրերէն: Արցախի տագնապին լուծումը վստահաբար ներկայիս վարուող քաղաքականութիւնը չէ: Տկարին մարդ բան չի զիջիր: Զօրաւորն է միշտ յարգելի: Հայրենասէրն է յարգելի եւ ոչ օտարին լծակիցը: Հաւատանք մեր ուժին:

 

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԱՆՈՐՈՇ ՎԻՃԱԿ

Անորոշ վիճակը ճիշդ սահմանումն է Միջին Արեւելքի երկիրներու ներկայի վիճակին: Իսրայէլի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը Նեթանիահուի կառավարութեան դէմ, որ կը փորձէ նուազեցնել Դատական իշխանութեան իրաւասութիւնները, աւելցնելով Գործադիր իշխանութեան դերը դատաւորներու նշանակումին մէջ: Դատական իշխանութիւնը ներկայիս կրնայ կառավարութեան որոշում մը չեղեալ համարել ՙանտրամաբանական՚ կոչելով զայն: Նեթանիահու կը փորձէ փոխել այս օրէնքը եւ Գործադիր իշխանութիւնը դարձնել անքննելի:

Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին օրերուն արձանագրած շրջադարձը կարելի է բացատրել անոր կանխիկ գումարի պահանջով: Թուրքիա կը գտնուի տնտեսական վատ վիճակի մէջ: Թրքական լիրան կորսնցուցած է իր արժէքին մէկ մասը: Այս է պատճառը, որ նախագահ Էրտողան կ’ուզէ բարելաւել յարաբերութիւնը Սուրիոյ հետ, վերաբանալու համար արտածումի անցքերը դէպի արաբական շուկայ: Ան այցելեց Ծոցի երկիրներ ներդրում ապահովելու համար: Ան կը գոհացնէ ԱՄՆ-ի պահանջքըª թշնամացնելով Ռուսիան, ՙԱզով՚ի հրամանատարներուն թոյլ տալով վերադառնալ Ուքրանիա եւ ընդունելով Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին:

 

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ՈՒԺԱՆԻՒԹ ԵՒ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿ

Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներ կը ծրագրեն բնական կազի գնումը կատարել խմբային ձեւով: Այսինքն բոլոր երկիրները պիտի համաձայնաին նոյն վաճառողներուն հետ աւելի լաւ գին ստանալու եւ կայուն համաձայնագիր կնքելու համար: Նուազուրդը պիտի չընդգրկէ Ռուսիան: Ըստ վերլուծողներու, այս քայլը պայմն չէ որ հասնի իր նպատակաին, որովհետեւ բնական կազի միջազգային պահանջը աւելցած է եւ յարմար գին գտնելը դարձած է աւելի դժուար:

Իր պահանջքին գոհացում չստանալով, Ռուսական դաշնութիւնը քաշուեցաւ ուքրանական հացահատիկի արտածումի համաձայնագրէն, որուն երաշխաւորներն էին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ Թուրքիան: Ռուսիա կը պահանջէր, որ իր Երկրագործական դրամատան տրուի որոշ դիւրութիւնª գանձելու համար իր արտածած հացահատիկի, եգիպտացորենի եւ պարարտացուցիչներու գումարը: Սակայն, որեւէ փոփոխութիւն չնկատելով, ան քաշուեցաւ: Ներկայիս ան հաստատեց ծովային զինեալ գօտի Ուքրանիոյ նաւահանգիստին շուրջ, այս ձեւով արգիլելով արտածումը: Այս քայլը պատճառ դարձաւ, որ միջազգային շուկային վրայ հացահատիկին գինը բարձրանայ 4,24 առ հարիւր համեմատութեամբ:

 

 

ԱՄՆ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՆՈՐՈՇ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկեան կիսահաղորդիչ արտադրող ընկերութիւններ Intel, Qualcomm եւ Nvidia պահանջեցին ԱՄՆ-ի Գործադիր իշխանութենէն յաւելեալ սահմանափակում չդնել Չինաստանին վաճառուող կիսահաղորդիչներու թիւին մէջ: Ըստ անոնց, ամերիկեան քայլը կրնայ պատճառել հակաքայլ Չինաստանի կողմէ եւ խանգարել կիսահաղորդիչներու շուկայի արտադրութեան եւ վաճառքի հոլովոյթը: ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը քննարկէ սահմանափակել շատ զարգացած կիսահաղորդիչներու վաճառքը Չինաստանին, դանդաղեցնելու համար անոր գիտական յառաջընթացը: Արդէն Չինաստան սկսաւ սահմանափակել երկու արժէքաւոր մետաղներու արտածումը: Այս մետաղներըª կալիում եւ ճերմանիում, կ’օգտագործուին կիսահաղորդիչներու արտադրութեան մէջ:

 

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեան եւ Զարգացումի կազմակերպութիւնը (OECD) ահազանգ հնչեցուց, երբ յայտարարեց, թէ 38 անդամ երկիրներուն մէջ պաշտօնեաներու 25 առ հարիւրը կրնան փոխարինուիլ արուեստական բանականութեամբ գործող ծրագիրներով կամ ռոպոթներով: Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները ամենավտանգուածներն են: Ըստ Կազմակերպութեան, այս ՙյեղափոխութիւնը՚ տակաւին նոր սկսած է եւ տարիներու ընթացքին, երբ սկսի աշխատիլ իր ամբողջ ներուժով, այն ատեն ի յայտ պիտի գայ իսկական վտանգը: Կառավարութիւններ պէտք է սկսին պաշտօնեաները պատրաստել գոյակցելու այս նորարարութեան հետ: Ըստ ՙԿոլտմէն Սաքս՚ ընկերութեան, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ մինչեւ 300 միլիոն պաշտօններ կրնան փոխարինուիլ:

Միացեալ Թագաւորութիւնը միացաւ Խաղաղական ովկիանոսի առեւտուրի կազմակերպութեան (Comprehensive and Progressive Agreement for Trans-Pacific Partnership): Այս կազմակերպութեան նպատակն է քաջալերել առանց մաքսի առեւտուր անդամ երկիրներուն միջեւ: Անոր կ’անդամակցին Խաղաղական ովկիանոսին նայող պետութիւններª Գանատա, Մեքսիքա, Ճափոն, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա, Մալեզիա, Սինկափուր, Վիեթնամ եւ երեք այլ պետութիւններ: 500 միլիոն բնակչութեամբ այս համախմբումը կրնայ դառնալ կարեւոր ներկայութիւն Խաղաղական ովկիանոսի գօտիին մէջ: Չինաստանի եւ Թայուանի անդամակցութեան չընդունուիլը ցարդ ցոյց կու տայ, թէ այս համախմբումին նպատակն է հակակշռել Չինաստանի ազդեցութիւնը այդ գօտիին մէջ:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՄԱՔՍ (Tariff)

Մաքսը այն գումարն է, որ կառավարութիւնը կը գանձէ երկիր մտնող կամ ներածուող ապրանքին համար: Այս տոկոսը կախում ունի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութենէն: Եթէ ան պիտի պաշտպանէ երկրին մէջ գործող ճարտարարուեստի կամ գիւղատնտեսութեան կարգ մը արտադրութիւններ, այդ ապրանքներուն մաքսը կ’աւելցնէ: Ձեւով մը մաքսը պաշտպանութիւն կ’ապահովէ երկրի ճարտարարուեստին: Համաշխարհայնացումը եւ բաց սահմաններու քաղաքականութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ վերցուցին մաքսը եւ այս ձեւով վնասեցին փոքր եւ միջին ճարտարարուեստին ու գիւղատնտեսութեան: Ճիշդ է որ քաղաքացին կրցաւ ապրանքը գնել Չինաստանէն ներածուած աւելի աժան, սակայն վնաս կրեցին այդ նոյն ապրանքը արտադրող տեղական ընկերութիւնները եւ, չդիմանալով մրցակցութեան, մէկը միւսին ետեւէն փակեցին իրենց դուռերը, հազարաւոր գործաւորներ ձգելով անգործ: Այս է որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ 1992 թուականէն սկսեալ: Միջին դասակարգը կազմող այս գործաւորները արդէն փոխեցին ասպարէզը կամ գաղթեցին: Այս է որ բերաւ Համաշխարհայնացումը: Ներկայիս ԱՄՆ սկսած է վերատեսութեան ենթարկել այս մաքսի քաղաքականութիւնը: Թէեւ ուշ է, սակայն տնտեսութեան մէջ կարեւոր են ճիշդ քայլերը ճիշդ ժամանակին առնել:

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share97Tweet61
Previous Post

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՄԱՀԱԶԴ

Next Post

ՄԱՀԱԶԴ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.