Գործող կառավարութիւնը երէկ գումարեց նիստ մըª քննարկելու համար շարք մը կարեւոր թղթածրարներ: Վարչապտի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց արագացնելու նոր նախագահի ընտրութիւնը: ՙՄենք խնդիրներ յառաջացնող չենք, սակայն այստեղ մեր կատարածին նպատակն է պահպանել պետական հաստատութիւններուն կենսագործունէութիւնը՚, ըսաւ Միքաթի:
Նիստի աւարտին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումի նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ ժողովականները վաւերացուցած են օրակարգի թղթածրարներըª մասնաւորաբար զինուորական կառոյցներուն մէջ սպաներուն աստիճանները բարձրացնելու նախագիծը, միջնակարգիª պրօվէի քննութեան չեղարկումը այս տարի, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարի երկարաձգելու համաձայնութիւնը: Նախարարաց խորհուրդը որոշած է նաեւ յետաձգել բջջային ցանցի սակագիները բարձրացնելու առաջարկին քննարկումը:
Նիստէն ետք, վարչապետի պաշտօնակատարը ստորագրեց ապահովական ու զինուորական բոլոր կառոյցներուն մէջ սպաներուն աստիճանները բարձրացնելու որոշումը:
Իսկ վարչապետութեան յարակից վիճակագրութեան կեդրոնական տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ սպառողական նիւթերուն սակագիները Մայիս ամսուան ընթացքին բարձրացած են 5,35 առ հարիւրի միջինովª բաղդատած Ապրիլ ամսուան հետ: Մեծագոյն աճը նկատուած է Պէյրութի մէջª 14,44 առ հարիւրի միջինով, իսկ նուազագոյնը հարաւի մէջª 0,27 առ հարիւի չափով:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա քննադատեց գործող կառավարութեան երէկուան նիստի գումարումը, պնդելով որ ան չի համապատասխաներ կառավարութեան ներկայի Սահմանադրութեան դրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան երէկուան որոշումներուն մէկ մասը իրապէս հրատապ են, սակայն նաեւ վաւերացուած են նախագիծեր, որ պաշտօնակատար կառավարութիւն մը իրաւունք չունի արծարծելու եւ վաւերացնելու:
Իսկ Ազգաին ազատ հոսանքի քաղաքական խորհուրդը յայտարարութեամբ մը քննադատեց կառավարութեան նիստի գումարումը եւ նախագահի բացակայութեամբ որոշումներու հրապարակումը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ հետախուզական ծառայութիւններու շրջուն ջոկատ մը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է լիբանանցի մը, որ կը պատրաստուէր ծխախոտի հում նիւթ ամաքսանենգելու դէպի Աւստրալիա, զայն պահելով 110 տուփերու մէջ: