Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ

June 20, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ

Խորհրդարանին մէջ երէկ գումարուեցաւ օրէնսդրական լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին երեսփոխանները վաւերացուցին հանրային ոլորտի պաշտօնեաներուն, թոշակառուներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն աշխատավարձերը վճարելու յօդուածը:

Սահմանադրութեան մասնագէտներ շեշտեցին, որ խորհրդարանի լիագումար օրէնսդրական նիստի գումարումը անխուսափելի էրª ապահովելու համար հանրային պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն վճարումը: Մասնագէտներուն համաձայն, նախագահի բացակայութեամբ օրէնսդրական նիստեր կարելի է գումարել միայն չափազանց հրատապ թղթածրարներ արծարծելու համար:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւ յայտնեց, թէ ոմանք չեն ուզեր որ կառավարութիւնը ժողով գումարէ եւ խորհրդարանը օրէնսդրութիւն կատարէ: Ընդդիմադիր 29 երեսփոխաններª ներառեալ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու երեսփոխանները, հաղորդագրութեամբ մը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ամբաստանեցին խորհրդարանին որոշումը բռնագրաւելու մէջ: Երեսփոխանները խորհրդարանական նիստը համարեցին հակասահմանադրական եւ զգուշացուցին նախագահի բացակայութեան ու յառաջացած դատարկութեան հետ համակերպելու վտանգներէն: ՙՈւժեղ Հանրապետութիւնը՚ խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի քննադատեց խորհրդարանին մէջ օրէնսդրական նիստի գումարումը, զայն համարելով Սահմանադրութեան խախտում: ՙԿայ նախագահի ընտրութեան բռնի խափանում եւ կան ոմանք, որոնք կը փորձեն իրենց պայմանները պարտադրել՚, բողոքեց Հասպանի: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա նշեց, որ Պըրրիի խմբաւորումը կը փորձէ պարտադրել Սըլէյման Ֆրանժիէի նախագահ ընտրութիւնը: Ըստ Ժաաժաայի, խորհրդարանի երէկուան նիստի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նոր նախագահի ընտրութիւնը խոչընդոտողներուն:

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Next Post

ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Next Post
ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.