Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

June 19, 2023
in Գաղութային
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին, Հինգշաբթի, 15 Յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն:

Արարողութեան ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան, Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ` Ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ անդամներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններ, ինչպէս նաեւ Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան անդամներ:

Ոգեկոչման բացումը կատարուեցաւ կուսակցութեան քայլերգով, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամ Ընկ. Տիգրան Միհրանեանը: Ան ըսաւ թէ դարձեալ համախմբուած ենք այսօր…..:

Յիշատակի երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեանը երգելով ՙՀնչակեան ենք մենք՚-ը եւ ապա ՙՈւխտի երգ՚-ով փակուեցաւ յիշատակի ոգեկոչումը:

Հերոս Քսաններու յիշատակին, բոլոր ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին զետեղելով կարմիր եւ ճերմակ վարդեր անմահն Փարամազի կիսանդրիին առջեւ:

 

 

 

 

—-

 

Յարգելի գաղափարակից ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Դարձեալ համախմբուած ենք այսօր միասանաբար ոգեկոչելու Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 20 ռահվիրահներու յիշատակը:

Այս սեւ օրուան արիւնազանգ տարեդարձն է այսօր. Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած քսան հնչակեաններու, հայ յեղափոխութեան ռահվիրաներու տարեդարձը, որոնց սուրբ արիւնով անգամ մը եւս ներկուեցաւ բռնապետութիւնը յաւերժացնող կոթողները:

108 տարիներէ ի վեր իրերայաջորդ սերունդներ վերանորոգեցին իրենց ուխտը` կառչած մնալու Քսաններու դաւանած յաղթական գաղափարին:

15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ  Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ 20 հերոսներ իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազատասիրութեան եւ յանուն արդարութեան:

20 անմահներ, որոնք կþապրին ու պիտի ապրին մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիներուն մէջ, անոնք դառնալով պատգամ մեզմէ իւրաքաչիւրին` անշահախնդրօրէն ծառայելու մեր Սուրբ Հայրենիքին եւ պատշպանելու մեր ազգային սրբութիւնները:

Փարամազի ու անոր 19 ընկերներու յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր ալ մենք կառչած կը մնանք մեր ազգը զօրացնող արժանիքներուն եւ Ազգային արժանապատուութեան:

Սիրելիներ,

Ինչպէս Անամհն Փարամազը ըսաւ` ՙՎաղը արեւելքի հորիզոնին վրայ պիտի ողջունէք Սոցիալիստական Հաայաստանը՚: Եկէ՛ք այսօր անգամ մը եւս վերանորոգենք մեր ուխտը, անխախտօրէն կառչած մնանք Քսաններու գաղափարին, ուխտենք հաւատարիմ մնալ Հնչակեան վեհ սկզբունքին, ինչպէս նաեւ հետեւիլ Քսաններու սրբազան պատգամին:

Թող Քսաններու ոգեկոչումը մեզմէ իւրաքանչիւր հնչակեանի համար ըլլայ ուխտի վերանորոգումի օր, միշտ յիշելով Տօքթ. Պէննէի վերջին խօսքը. ՙԴուք մեզ քսաններս միայն կրնաք կախել, բայց մեր ետեւէն քսան հազարներ պիտի գան…՚: Ահա այսօր Մայր Կուսակցութեան հիմնադրութենէն 136 տարիներ ետք եւ Քսաններու նատահակութենէն 108 տարիներ ետք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք Քսաններու թողած կտակը:

Անվեհեր ու քաջակորով յառաջ քալենք, միշտ յառաջ, առանց ետ նայելու, եւ յուզուած ու ցաւատանջ սրտի սիրով խոնարհինք Քսաններու յիշատակին առջեւ, անգամ մըն ալ կրկնելով մեր ուխտը:

Նահատակ ընկերներ, ձեզ թող ըլլայ փառքը եւ մեզª նուիրական պարտականութիւնըª շարունակելու համար ձեր սրբազան առաքելութիւնը:

Փա՜ռք Փարամազին, Տօքթ. Պէննէին, Վանիկին, Բանուորին, Արամին եւ Հրանդին եւ իրենց գաղափարակից ընկերներուն:

Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը

Կեցցէ՛ ազատ, անկախ Հայաստանը:

 

Սիրելիներ,

Բնականաբար Քսաններու յիշատակի ոգեկոչումը իւրաքանչիւր հնչակեանի համար ունի իր խորհուրդը, եւ անպայմանօրէն մեր հոգիի եւ խղճի պարտքն է ամէն տարի Քսաններու յիշատակը մեծ շուքով նշել:

Հետեւաբար, Յանուն Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի կու գամ ձեզ փոխանցելու, թէ այսօրուան այս ծաղկեպսակի զետեղումը Քսաններու ոգեկոչման միջոցառումներուն սկիզբն է, որմէ ետք պիտի յաջորդէ Քսաններու 108-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պատշօն, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ի առաւօտեան, Նոր Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:

Իսկ պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, որուն մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին ձեզի շուտով:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԿԲՄի դարմանատունը արդէն պատրաստ է ձեզ ընդունելու ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ£

Next Post

ՀԿԲՄի դարմանատունը արդէն պատրաստ է ձեզ ընդունելու ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ£

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.