Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԱՍԽԻ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ` ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԽՈՒՃԱՊԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԿԱՆ

June 16, 2023
in Հայաստան
0
ԵՐԱՍԽԻ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ` ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԽՈՒՃԱՊԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԿԱՆ

 

Արարատի մարզի Երասխ համայնքի վարչական ղեկավար Սարօ Այվազեանը կը վստահեցնէ, որ վերջին երկու օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ բնակավայրին մէջ կառուցուող գործարանին ուղղութեամբ կրակոցներու հետեւանքով Երասխի բնակիչներու շրջանին մէջ որեւէ խուճապ չկայ, գործարանի կառուցման աշխատանքներն ալ նոյն կշռոյթով պիտի շարունակուին:

Այվազեան ընդգծեց, որ ատրպէյճանցիները Երասխի հատուածին մէջ սկսած են կրակել վերջին երկու օրերուն, կրակոցները կարճ տեւած են` 15-20 վայրկեան, թիրախին եղած է հայ եւ ամերիկացի գործարարներու կողմէ կառուցուող մետաղագործական գործարանը:

ՙԱնոնք կը փափաքին խափանել գործարանին կառուցումը, թոյլ չտալ, որ մեր երկրին տնտեսութիւնը զարգանայ: Հիմնական պատճառը սա է՚, ըսաւ Երասխ համայնքի վարչական ղեկավարը:

Կառուցուող գործարանը ատրպէյճանական դիրքերէն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ է, անոնց անմիջական թիրախին տակ է, սակայն, Սարօ Այվազեանի խօսքով, գործարանին ղեկավարութիւնը հաստատակամ է շինարարութիւնը նոյն կշռոյթներով շարունակելու հարցով:

ՙԳիւղին մէջ ալ տրամադրութիւններու անկում չկայ, բնականոն կեանքը կը շարունակուի: Երասխի մէջ հիմա մարզական դպրոց կը կառուցուի, կազաֆիկացման աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Բոլոր աշխատանքները կը կատարուին, խուճապ ընդհանրապէս չկայ՚, մանրամասնեց Սարօ Այվազեանը:

Անոր խօսքով` Երասխի մէջ չկայ բնակիչ մը, որուն կրնան վախցնել ատրպէյճանական կողմին կրակոցները: Այվազեան կը վստահեցնէ` գիւղէն հեռանալ փափաքողներ չկան, իսկ այն պահէն, որ սկսած է մետաղագործական գործարանին կառուցումը, գիւղէն նաեւ արտագնայ աշխատանքի մեկնողներ չկան:

Գործարանի շինարարական աշխատանքներուն վրայ կ՛աշխատին հիմնականին մէջ Երասխի եւ յարակից գիւղերուն բնակիչներ, նաեւ` օտարերկրացիներ: Սարօ Այվազեան կ՛ընդգծէ` որքան գործարանի շինարարութիւնը յառաջ երթայ, իսկ գործարանը ընդլայնուի, այնքան շատ աշխատատեղիներ պիտի ըլլան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է

Next Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.