Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հրապարակեց ձերբակալութեան հրամանագիր մըª պետական հատուածի ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նիսրին Շահինի դէմ, երբ ան պաստառի վրայ գրութեամբ մը յարձակած էր կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապիի վայ եւ մերժած էր վար առնել պաստառը: Շահին կ’ամբաստանէ կրթութեան նախարարը, թէ զինք կը պատժէ իր վարած սենտիքայի պաշտօնին պատճառով: