Յ Ա Յ Տ Ա Ր Ա Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն
Սիրելի՛ բարեկամ,
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ հիմնադրամը կը բոլորէ իր վեց տարին եւ շարունակելով հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը արժեւորելու իր առաքելութիւնը, կը յայտարարէ 2022 թուականին հրատարակուած գիրքերու ընդունման մասին:
Այս առիթով կազմուած Գնահատիչ Յանձնախումբը (նախագահª Սօսի Նագգաշեան) մրցոյթի ներկայացուած նիւթերու ամփոփումը պիտի յայտարարէ 2023-ի աշնան: Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն միննչեւ 2023 թուականի Մայիս 1 չորսական օրինակ ներկայացնել ՙՍփիւռք՚ Գիտաուսումնական Կեդրոն£
Հասցէնª ՀՀ, ք. Երեւան, Ալեք Մանուկեան 13, 4-րդ յարկ:
Հեռ. +374.93/716.421, whatsapp, viber