Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

December 8, 2022
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Իր գաղութային շրջագայութեան ծիրին մէջ, Սոցիալ ԴԵմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի երէկ այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի, որուն հետ արծարծեց գաղութային, հայկական ու լիբանանեան համատեղ հետաքրքրութեան թղթածրարները: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Վարիչ Մարմինի ընտրութիւնը եւ նոր կազմին մաղթեց բարեյաջող աշխատանք` ի ծառայութիւն գաղութի զաւակներուն: Գնահատելով Վարիչ Մարմինին մէջ երիտասարդ ուժերու ներկայութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը կարեւոր համարեց, որ երիտասարդները աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն բերեն գաղութային եւ ազգային կեանքին` հիմնուելով առողջ սերնդափոխութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Խօսելով գաղութային կեանքին մասին, երկուստեք շեշտուեցաւ միասնականութեան հրամայականը, որուն միջոցաւ կարելի է ապահովել լիբանանահայ գաղութին կենսունակութիւնը եւ լիբանանահայութեան բարեկեցիկ կեանքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ծանր վիճակին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած բազում խնդիրներուն, ու ժողովականները շեշտեցին, որ ազգային կառոյցները պէտք է շարունակեն իրենց աշխոյժ աշխատանքը եւ կանգուն պահեն այդ կառոյցները: Հաստատուեցաւ, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը մնան պատնէշի վրայ, որպէսզի նորանոր ծրագիրներու շուրջ համախմբեն գաղութի զաւակները` ներառեալ անոնք որոնք հեռացած են հայկական շրջանակներէն: Ժողովականները որոշեցին շարունակել խորհրդակցութիւնները` յանուն լիբանանահայոթեան բարօրութեան եւ վերականգնումին:

Share62Tweet39
Previous Post

  ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

Next Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Next Post
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.