Երկու տարի առաջ, 27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 7:10-ին Ատրպէյճան սկսաւ իր լայնածաւալ պատերազմը Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Ատրպէյճան գործածեց իր ամբողջ զինանոցը, օտարեկրեայ վարձկաններ. օտարերկեայ ուժեր, ճնշելու համար Արցախի ազատատենչ ժողովուրդը: Հայկական բանակը տուաւ 4000 նահատակ այս 44-օրեայ պատերազմին մէջ եւ Արցախ կորսնցուց իր տարածութեան մէկ մասը: Ռուսիոյ միջամտութեամբ աւարտեցաւ պատերազմը եւ ներկայիս ռուս խաղաղապահներ կը հսկեն Արցախի ապահովութեան: