Սուրիական Թարթուս նաւահանգիստի ծովուն բացերը ընկղմած է լիբանանցի ապօրինի գաղթականներ տեղափոխող նաւ մը: Փրկուածները տեղափոխուած են քաղաքի ՙԱլ Պասէլ՚ հիւանդանոցը: Ըստ նախնական տեղեկութեան, 24 հոգի խեղդուած է, որոնցմէ մէկը երեխայ, իսկ 13 հոգի փրկուած են ու հիւանդանոց տեղափոխուած: Փրկութեան ջոկատները տակաւին կը փնտռեն փրկուածներ այս աղէտէն: 150 հոգի կը գտնուէր այս նաւուն մէջ: Անոնք լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներ էին: