Ամերիկեան ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ օրաթերթը հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամինէիի առողջական վիճակը վատթարացած է: Անոր մօտիկ շրջանակէն անձեր յայտնեցին, որ ան բժշկական հսկողութեան տակ է: Անցեալ շաբաթ, Իրանի հոգեւոր առաջնորդը ջնջած էր իր ներկայութեամբ կայանալիք բոլոր ժողովները: