Ռուսական ՙՍփութնիք՚ լրատուական գործակալութիւնը հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, Իրան զարգացուցած է նոր սարք մը, որ հաստատուելէ ետք ՙԹի-72 Ս՚ հրասայլերուն վրայ, կը դժուարացնէ թշնամիին զրահապատ որսացող սարքերու գործը, հրասայլը դարձնելով անտեսանելի անոնց համար: Այս սարքը պատրաստուած է իրանցի մասնագէտներու կողմէ: Ռուսիա այսպիսի սարք մը հաստատած է արդէն ՙԹի-90 Ս՚ հրասայլերուն վրայ: