Բրիտանիոյ թագաւորական պալատը յայտարարեց երկրի թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ի մահը, 96 տարեկան հասակին: Թագուհիին ամենաերէց զաւակը` Չարլզ իշխանը (73 տարեկան) դարձաւ թագաւոր, իսկ կինը` Քամիլան, թագուհի:
Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 օր ետք: Երկու շաբաթ սուգ պիտի յայտարարուի: Թագուհիին մարմինը պիտի դրուի պալատին մէջ, որպէսզի քաղաքացիներ իրենց վերջին ակնարկը նետեն վրան: Չարլզ իշխանի թագադրութեան թուականը յստակ չէ:
Իշխանուհի Էլիզապէթ Ալեքսանտրա Մարի ծնած էր 21 Ապրիլ 1926 թուականին, Լոնտոնի մէջ: Հայրը Ալպերթ իշխանն էր, Եորքի դուքսը, որ յետոյ դարձաւ Ճորճ Ե. թագաւորը: Մայրը Էլիզապէթ թագուհին էր: 1947 թուականին պսակուեցաւ Ֆիլիփ Մաունթպեթըն իշխանին հետ, որ Էտինպարայի դուքսն էր: Իր իշխանութիւնը կը համարուի ամենաերկարը երկրի պատմութեան մէջ` 70 տարի: