ԼԻԲԱՆԱՆ
ՎՆԱՍԸ ԲԱՇԽԵԼՈՒ ԹՆՃՈՒԿԸ
Լիբանանի տնտեսական տագնապի լուծումը տակաւին չէ սկսած: Փաստը այն է, թէ տակաւին չկայ տնտեսական ճամբու քարտէս` երկիրը այս տագնապալի վիճակէն դուրս հանելու համար: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (IMF) Լիբանանէն կը պահանջէ առնել պէտք եղած բարեկարգումի քայլերը եւ դրամ փոխ առնելով, որոշ պայմաններով, սկսիլ վիհէն դուրս ելլելու հոլովոյթը: Առաջին քալերէն մէկն է դրամատուներու վիճակին վերականգնումը: Դրամատուներ իրենք էին որ բարձր տոկոսով դրամ փոխ տուին կառավարութեան, որ մսխելով այս գումարը երկիրը մտցուց այս տագնապին մէջ: Ուրեմն վնասը պէտք է բաժնուի տրամաբանական ձեւով: Այսինքն պետութիւնը իր վրայ պէտք է առնէ այս վնասին մեծ մասը, որովհետեւ ինքն էր դրամ փոխ առնողը: Երկրորդ կողմը դրամատուներու բաժնետոմս կրող դրամատէրերն են, որոնցմէ մաս մը քաղաքագէտներ են կամ անոնց ծառայողներ: Երրորդ կողմը դրամ ի պահ դրած յաճախորդն է, որ դրամատան վստահած է իր տարիներու վաստակը: Վնասին մեծ մասը պէտք է կրեն պետութիւնը եւ դրամատուներու բաժնետէրերը, սակայն ցարդ ինչ որ նկատեցինք, պետութիւնը կը փորձէ Պիղատոսի նման իր ձեռքերը լուալ եւ փախչիլ, պատասխանատուութիւնը բեռցնելով բաժնետէրերուն եւ յաճախորդներուն: Այս է հիմնական սխալը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՙԱռաւօտ՚ օրաթերթին մէջ կը յիշուի ՙԱպագայ Հայկական՚ի առաջին համագումարի մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ 11-էն 13 Նոյեմբեր 2022-ին: Այս համագումարէն առաջ կայացաւ փորձագիտական ժողով մը որպէս նախապատրաստութիւն, ղեկավարութեամբ ՙԱռաւօտ՚ի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի: Աբրահամեան յայտարարեց, որ սփիւքահայը երբեմն կ’ընդունուի որպէս զբօսաշրջիկ, իսկ արտերկրի հայուն համար, Հայաստանի քաղաքացին գործ կպցնող կամ իրմէ դրամ շահիլ ուզող մարդն է: Ուրեմն, այս մտածելակերպը պէտք է փոխուի: Հայաստան պէտք է ըլլայ ակունքը բոլոր համազգային գաղափարներուն: Մենք պէտք է հանդէս գանք որպէս տասը միլիոննոց ժողովուրդ եւ ոչ թէ միայն երեք միլիոննոց Հայաստան: Սփիւռքահայուն ներուժը ճիշդ ձեւով չ’օգտագործուիր, ուրեմն պէտք է նոր ձեւեր գտնել այդ ներուժը ազգի զարգացումին ծառայեցնելու համար:
ՙԱպագայ Հայկականը՚ զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Ապիտոնեանը յիշեցուց, որ ՙԱպագայ Հայկականը՚ հիմնադրուած է անցեալ տարուան Ապրիլին եւ նպատակ ունի համախմբել հայութեան ներուժը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, կազմելու համար ապագային ուղղուած տեսլական եւ նպատակներ, որոնց հայութիւնը, որպէս ընդհանուր հանրութիւն, կ’ուզէ հասնիլ եւ հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի մէջ: Ան նշեց, որ ասոր համար մշակուած էին 15 նպատակներ, որոնք կը գտնուին հիմնադրամի կայքէջին վրայ, սկսեալ ընդհանուր տեսլականի սահմանումէն:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ԵՐԿՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Միջին Արեւելքի տնտեսութեան հետեւող մասնագէտներ երկու ուղղութիւն կը նկատեն: Առաջինը քարիւղի գինին յաւելումն է Ուքրանիոյ պատերազմին որպէս հետեւանք: Այս յաւելումէն պիտի օգտուին քարիւղ արտադրող երկիրները, որոնք պիտի արձանագրեց տնտեսական աճ: Սակայն միւս կողմէն, քարիւղ ներածող երկիրներ աւելի սուղ գին պիտի վճարեն այս նիւթին համար, արձանագրելով աւելի ցած տնտեսական աճ:
Շրջանին մէջ կայ երկրորդ ուղղութիւն մը, որ պարէնի գինի յաւելումն է: Այս մէկը պիտի ազդէ պետութիւններու ծախքին վրայ, զայն աւելցնելով: Կլիմայական փոփոխութեան պատճառով պարէնի պակաս արտադրութիւնը եւ Իրանի կամ Պաղեստինի տագնապները յաւելեալ ճնշումի աղբիւրներ են, որոնք կ’ազդեն շրջանի կայունութեան, հետեւաբար տնտեսութեան վրայ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՍՂԱՃ ԵՒ ՄԻՐ ՔԱՐՏԸ
Ուժանիւթի գինի յաւելումը պատճառ դարձաւ Եւրոպայի մէջ արձանագրուած բարձր սղաճին (inflation): Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Օգոստոսին սղաճը հասած է 9. առ հարիւրի: Պարէնի գինին յաւելումն ալ կը համարուի պատճառներէն մէկը: Ուժանիւթի սղաճը հասաւ 38.3 առ հարիւրի, մինչ պարէնի եւ խմիչքի գինին յաւելումը հասաւ 10.6 առ հարիւրի: Ըստ մասնագէտներու, այս սղաճը պիտի պատճառէ պահանջարկի անկում, որովհետեւ ընկերութիւններ եւ պետութիւնը չեն կրնար աշխատավարձի յաւելում կատարել այս համեմատութեամբ: Մարդիկ պակաս ապրանք պիտի գնեն, ուրեմն պահանջարկը պիտի նուազի ու երկիրներ պիտի մտնեն տնտեսական անկումի (recession) մէջ: Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը կը փորձէ զսպել սղաճը աւելցնելով պարտքի տոկոսը: Սակայն այս քայլը պիտի առաջնորդէ տնտեսական աճի դանդաղեցումին, որովհետեւ մարդիկ պարտքի դրամ պիտի չառնեն բարձր տոկոսին պատճառով:
Իրան եւ Ռուսիա համաձայնած են իրենց հրապարակած վճարումի քարտերը ընդունելի դարձնել: Այսինքն, իրանեան ՙՇեթապ՚ վճարումի քարտը պիտի ընդունուի Ռուսիոյ մէջ վճարում կատարելու համար: Ինչպէս նաեւ ռուսական ՙՄիր՚ քարտը ընդունելի պիտի ըլլայ Իրանի մէջ: Ներկայիս մասնագէտներ կ’աշխատին պատրաստելու համար ելեկտրոնային ենթակառոյցը, որպէսզի երկու քարտերը կարենան աշխատիլ երկու կողմէն: Այս քայլով, Արեւելքի երկիրներ կամաց-կամաց պիտի հեռանան միջազգային վճարումի համակարգէն, որ կը գտնուի ԱՄՆ-ի հսկողութեան տակ ու պիտի ունենան իրենց ուրոյն վճարումի համակարգը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇ (Economic Indicator)
Տնտեսագիտութեան մէջ կան ցուցանիշներ« որոնք ցոյց կու տան ընկերութեան մը կամ պետութեան տնտեսական վիճակը: Սկսինք սերտել անոնցմէ ամենակարեւորները: Երկրի համախառն եկամուտը կամ Gross Domestic Product-ը ցոյց կու տայ« թէ որքան է երկրի մը եկամուտը: Ամէն անգամ որ ապրանք կամ ծառայութիւն վաճառուի« այդ գումարը կը գումարուի եւ մենք կ’ունենանք երկրի ընդհանուր եկամուտը: Ուրիշ ցուցանիշ մըն է պարտք-եկամուտ համեմատութիւնը: Եթէ երկրին պարտքը 20 միլիառ տոլար է եւ տարեկան եկամուտը 40 միլիառ տոլար է, այդ համեմատութիւնը` 20/40 = 50 առ հարիւր է, որ կը համարուի լաւ: Սակայն եթէ այս համեմատութիւնը անցնի 60 առ հարիւրի սահմանը, այն ատեն կը սկսի վտանգը եւ պետութիւնը քայլեր պէտք է առնէ զսպելու համար պարտքին չափը: Երրորդ ցուցանիշն է անգործներու թիւի համեմատութիւնը երկրի աշխատելու կարող բանկչութեան թիւին համեմատ: Այս ցուցանիշը եթէ անցնի 5 առ հարիւրի սահմանը` կրնայ դառնալ անհաւասարակշռութեան աղբիւր: Երկիրներ միշտ կը փորձեն այս համեմատութիւնը պահել ցած, նուազեցնելով պարտքի տոկոսը, որպէսզի ընկերութիւններ պարտքի դրամ առնեն եւ մարդոց աշխատանքի տեղ բացուի: Վերջին ցուցանիշն է սղաճը կամ inflation-ը, որ ապրանքի եւ ծառայութեան գինի յաւելումն է: Այս համեմատութիւնն ալ պէտք է մնայ ցած, որովհետեւ եթէ ապրանքներուն գինը աւելնայ, պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելում պէտք է տրուի: Հակառակ պարագային տեղի կ՛ունենայ աղքատացում, ինչպէս որ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ եւ ներկայիս կը պատահի Արեւմուտքի մէջ:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ