Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու, Իսրայէլի քաղաքական խաւին մէջ կը տիրէ բազմակարծութիւն` Լիբանանի հետ սահմանագծումի հարցին մէջ: Իսրայէլի մէջ չեն կրնար ընդունիլ որ Լիբանան պիտի պահէ իր իրաւունքը եւ Հըզպալալյի սպառնալիքէն ետք իրենք զգոյշ են իրենց առած բոլոր քայլերուն մէջ: ԱՄՆ-ի յատուկ պատուիրակ Ամոս Հոքշթայն ամէնօրեայ կապի մէջ է իսրայէլեան կողմին հետ ու անոնք կ’ուզեն հասնիլ համաձայնագիրի մը, որուն պայմանները ընդունելի են լիբանանեան կողմին համար: