Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընին եւ ամերիկացի ժողովուրդին այն շնորհաւորութեան համար, որ իրենց ուղարկուած էր Ուքրանիոյ անկախութեան տօնին առիթով եւ 3 միլիառ տոլար արժող զէնքերու մատակարարումին համար: