Ստորեւ թարգմանաբար կը հրատարակենք հատուածներ Կիւլէն Թորոսեան – Տէր Պօղոսեանի արուեստի ասպարէզին նուիրուած ուսումնասիրութենէն, որ լոյս տեսած էր Ազատուհի Սիմոնեանի ՙՀայ Կինը եւ Մշակոյթը՚ հատորին մէջ 2013 թուին, Շիրակ հրատարակչատունէն:
Կիւլէն Տէր Պօղոսեան մաս կը կազմէ լիբանանցի քանդակագործներու այն հոյլին, որոնք յատկանշական վաստակ ապահոված են թէ ստեղծագործական գետնի վրայ եւ թէ որպէս արուեստի ուսուցման նուիրուած մասնագէտներ:
Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի կազմաւորումը որպէս արուեստագիտուհի իր արմատները ունի ընտանիքին եւ անմիջական շրջապատին մէջ: Կիւլէնի հայրը նրբաճաշակ սափրիչ մըն էր տղոց եւ աղջիկներու, իսկ մայրըª շնորհալի կարուհի մը: Ան մանուկ հասակէն հմայուած էր իր մօր կարած խիստ ճաշակաւոր զգեստներով, որոնց ձգած visual տպաւորութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան արուեստագէտի իր կազմաւորման մէջ:
Կիւլէնի երէց եղբայրը անուանի լիբանանահայ նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանը նոր վերադարձած էր Փարիզէն տասը տարիներ արուեստի հետեւելէ ետք, ու անոր քաջալերանքը քրոջ քայլերուն արուեստի կալուածէն ներս, վճռական դեր ունեցաւ ապագայ արուեստագիտուհիի հետագայ ճանապարհին արձանագրելիք յաջողութիւններուն մէջ: Արուեստագէտ եղբօր արուեստի նուիրուած հարուստ գրադարանը եւս ունեցաւ իր բարերար ազդեցութիւնը Կիւլէնի վրայ, որ պատուհան մը բացաւ համաշխարհային արուեստի գլուխ-գործոցներուն վրայ, որոնց ծանօթացումով ան ապահովեց անհրաժեշտ ենթահողը ապագայ իր արուեստի ասպարէզին համար:
Կիւլէն հայ կաթողիկէ քոյրերու կրթօճախներուն մէջ ստացաւ իր նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը եւ այդ օրրաներուն մէջ ալ ան քաջալերուեցաւ իր արուեստներու մէջ ցուցաբերած յատուկ կարողութիւններու բացայայտման ուղղութեամբ: Հուսկ ապա Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի Ինստիտուտի որպէս ուսանող 1970-1974 թուականներուն ան ստացաւ իր արուեստագիտութեան եւ քանդակագործութեան լիսանսը պատուոյ յիշատակութեամբ: Ան աշակերտեց անուանի քանդակագործներու, ինչպէսª Սամիհ Աթայի, Ռիատ Սոլհի արձանի հեղինակը, Անթուան Պէրպէրիի, Զաւէն Խտըշեանի եւ այլոց, որոնք բոլորն ալ իրենց մասնագիտութիւնը եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ կատարելագործած էին: Այդ դասախօս արուեստագէտներու ազդեցութիւնը մեծ եղաւ Կիւլէնի ստեղծագործութեան վրայ:
1972 թուականին Կիւլէն ամուսնացաւ համալսարանական երիտասարդ Շահէ Տէր Պօղոսեանի հետ, որ արուեստներու հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ունէր եւ քաջալերողն էր Կիւլէնի ստեղծագործական ծրագիրներուն: Անոնք իրենց ամուսնութենէն անմիջապէս ետք եւրոպական մայրաքաղաքներ այցելելով ծանօթացան թանգարաններու մէջ գտնուող արուեստի գլուխ-գործոցներու: Այս շրջապտոյտը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Կիւլէնի հետագայ ասպարէզի նուաճումներուն որպէս նախապատրաստութիւն:
1975-1990 թուականներու ընթացքին, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներն էին, Կիւլէն լծուեցաւ ուսուցչական գործի դպրոցներու եւ արուեստի ինստիտուտներու մէջ արուեստ եւ գեղանկարչութիւն դասաւանդելով: Միեւնոյն ատեն ան կը ստեղծագործէր փոքր ծաւալի արձաններ եւ նկարչական գործեր ինչպէս փորթրէներ եւ բնութեան տեսարաններ:
Պատերազմը չէր արտօներ մեծ մասշտապի քանդակներու ստեղծումը: Անոր ուշադրութեան կեդրոնն էին նաեւ իր դուստրերը Արեւիկը, Մարալն ու Նանորը, որոնց դաստիարակութիւնը եւ արուեստներու հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը խթանելու համար ան կը տրամադրէր իր ժամանակին կարեւոր մէկ մասը:
Պատերազմի դադարեցումէն ետք Կիւլէն լծուեցաւ լուրջ աշխատանքի քանդակագործութեան ասպարէզէն ներս եւ իր գլխաւոր թեման հանդիսացաւ մայրութիւնն ու կինը առհասարակ: Իր առաջին ցուցահանդէսներուն մէջ մայրը ներկայացուած է իր պատանեկութեան, երիտասարդութեան, մայրութեան եւ տառապանքին ընդմէջէն: Արուեստագիտուհին ընտրած է մօր կերպարը որպէս կեանքի աղբիւր եւ խորհրդանիշ: Մայրը կը խորհրդանշէ նաեւ բազմաթիւ այլ գաղափարներ ինչպէս մայրենի լեզու, Մայր հայրենիք, յաղթութիւն, վերածնունդ, սէր, կարեկցանք, որոնք առնչուած են մօր եւ կնոջ ներկայացուցած կենսունակ պատկերացումին հետ: Կարեւոր իրագործում էր Կիւլէնի ՙՄէմուար Տէրանս՚ ցուցահանդէսը, որ ի մի կը բերէր Կիւլէնի պատրաստած արձաններէն մեծ թիւով նմուշներ:
Սոյն ցուցահանդէսի գլխաւոր թեման Լիբանանի պատերազմէն ետք մեծ թափ առած գաղթն էր արտասահմանեան երկիրներ: Ուշագրաւ էին երկու քանդակներ. առաջինըª հօր մը որ իր ուսերուն շալկած էր իր զաւակը, եւ մայր մը որ ունէր փոքրիկ մը իր գիրկին մէջ:
ՙԱնոնք այսպէս եկան՚ խորագրուած սոյն քանդակները կը խորհրդանշէին արուեստագիտուհիին հայրն ու մայրը, որոնք Ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթի ճամբան բռնած հասած էին Լիբանան: Պղինձով եւ երկաթով կազմուած սոյն գործերը արուեստով յագեցած էին եւ խորապէս կը տպաւորէին այցելուները: Գաղթի գաղափարին հակադրուող քանդակներ էին կին դէմքեր, որոնք հորիզոնական ուղղութեամբ եւ գետին տարածուած դիրք մը ունէին: Անոնք կառչած էին կեանքին, վճռած էին մնալ իրենց երկրին մէջ վերաշինելու համար իրենց տուները եւ հայրենիքը: Անոնք ներկայացուած էին իրենց առօրեայ զբաղումներուն ընդմէջէն, լողալու, կարդալու, խաղալու վիճակին մէջ:
Սոյն արուեստի գործերը իրենց մէջ կը միաձուլէին նկարչութեան եւ քանդակագործութեան զոյգ յատկանիշերը: Կիւլէնի եղբօր նկարչական արուեստի խոր ազդեցութիւնը իր ստեղծագործութեան վրայ արդիւնաւորուեցաւ գունաւոր քանդակներու ստեղծումով ճերմակ, կարմիր, գոց մանուշակագոյն եւ դեղին գոյներով:
Կիւլէն աշխատեցաւ նաեւ քարէ արձաններու վրայ 1999-2000 թուականներուն, երբ Ալէյի քաղաքապետութեան հրաւէրով ստանձնեց երկու արձաններու ստեղծումը մէկ եւ երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ: Արուեստագիտուհին արտադրած է միեւնոյն ատեն փոքր չափի քարէ նաեւ պղինձէ արձանիկներ ընդհանուր թեմա ունենալով կիներ, մայրեր, երիտասարդուհիներ եւ ընտանիքներ:
Կիւլէն Տէր Պօղոսեան գեղարուեստի ուսուցման երկար փորձ ունեցած է: Պատերազմը իր դերը ունեցած է, որ փոխանակ արուեստի գործեր ստեղծելու ան նուիրուի արուեստի ուսուցման: Պէպօ Սիմոնեանի հրաւէրով ան երկու տասնամեակ դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտչեան Գոլէճին մէջ: Դպրոցի վայրը բնութեան մէջ ըլլալուն մեծապէս նպաստած է ներշնչելու ուսանողները, որ բացօթեայ իրենց գեղանկարչական դասապահերուն, մէջտեղ բերեն հետաքրքրական գործեր առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիին: Կիւլէն յաջողած է սիրցնել արուեստի պահերը իր ուսանողներուն, որոնցմէ առաւել տաղանդաւորները շարունակած են իրենց հետաքրքրութիւնները հետեւելով արուեստի հիմնարկներու ակադեմական ծրագիրներուն: Երկրորդականի վերի կարգի ուսանողները նաեւ ունեցած են յաւելեալ պահեր արուեստի պատմութեան մէջ, որոնք մատչելի մօտեցումով եւ հմտութեամբ դասաւանդած է իրենց արուեստի ուսուցչուհինª Կիւլէնը:
Կիւլէն կը շարունակէ իր դասաւանդութիւնները համալսարանական մակարդակի վրայ, երբ 1979 թուին քանդակագործութեան իր ուսուցիչը Զաւէն Խտըշեան կ’առաջարկէ Կիւլէնին փոխարինել զինք որպէս դասախօս Ալպայի մէջ:
Այս մեծ մարտահրաւէր մըն էր Կիւլէնին համար եւ նաեւ քաջալերանքովը հիմնարկի տնօրէն` Ալեքսի Պութրոսի ան հետզհետէ կը հմտանայ իր ուսուցման մէջ շեշտելով ֆիզիքական վարժութիւններէն անկախաբար ուսանողներու ծանօթացումը դասական քանդակագործութեան նմոյշներուն: Ան իր դասաւանդութեան մէջ կը շեշտէր այն իրողութիւնը, որ արուեստի ստեղծագործութեան մէջ անհրաժեշտ է միաձուլումը մտային, հոգեկան եւ ֆիզիքական տուեալներու, որոնց շնորհիւ արուեստի գործը կարող է արտացոլացնել մարդկային հոգին: Ալպայի արուեստի միջավայրը մեծապէս նպաստեց Կիւլէնի որպէս արուեստագէտ հասունացման: Հաստատութեան տնօրէնուհի Նիքոլ Սալամէ Հարֆուշ կը քաջալերէր թէ՛ դասախօսական կազմը, թէ՛ ուսանողութիւնը խորանալու իրենց մասնագիտութեան մէջ, անոնց համար ստեղծելով բարենպաստ պայմաններ:
Կիւլէն ունեցաւ տաղանդաւոր ուսանողներ, որպէս ճարտարապետներ, նկարիչներ, քանդակագործներ, որոնք միշտ ալ երախտապարտ մնացին իրենց ուսուցչուհիին:
1990-ին Կիւլէն կը հրաւիրուի Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքին մէջ եւս քանդակագործութիւն դասաւանդելու իր ուսուցիչներուն` Զաւէն Խտըշեանի, Ժոզէֆ Ապիրեզքի, Դոկտ. Իպրահիմ Քաուքապանի հետ:
Սէն Ժոզէֆ համալսարանը եւս ներգրաւեց Կիւլէնը ՙUniversite pour tous՚ բաժանմունքին մէջ քանդակագործութիւն դասաւանդելու: Լիբանանահայ իրականութեան մէջ Կիւլէն հետամուտ դարձաւ նորահաս սերունդին մէջ սերմանելու արուեստի հանդէպ սէրը: Մեծ նուիրումով ծառայեց Համազգայինի Թորոս Ռոսլին հիմնարկին երկար տարիներ որպէս քանդակագործութեան ուսուցչուհի: Իր պատրաստած երիտասարդ արուեստագէտներէն կարելի է յիշել Մոսիկ Կիւլոյեանը, որ հինգ տարի աշակերտելէ ետք Կիւլէնին, այժմ անուանի եւ միջազգային տարողութեամբ քանդակագործ է Վենետիկի մէջ: Նոյնպէս Կիւլէնի դուստրըª Մարալ Տէր Պօղոսեանը, որ հետեւած է իր մօր դասընթացքներուն Համազգայինի յարկին տակ, քանդակագործութեան կողքին այսօր կը գրաւէ իր ուրոյն տեղը որպէս գեղանկարիչ լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Իր ուսուցչական ասպարէզին կողքին Կիւլէն հետամուտ եղաւ կատարելագործելու իր ուսումըª Լիբանանեան համալսարանին մէջ հետեւելով մագիստրոսական ծրագրին: Իր աւարտաճառը նիւթ ունէր ՙԹեքնոլոժիի օգտագործումը արդի քանդակագործութեան մէջ՚: Սոյն ուսումնասիրութիւնը բարձր գնահատուեցաւ դատական կազմին կողմէ եւ իրեն շնորհուեցաւ Մագիստրոս Արուեստից տիտղոսը, բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ:
Կիւլէն Տէր Պօղոսեան իր 60-ամեայ հասունութեան տարիքին յաճախ կանգ կ’առնէր պահ մը վերարժեւորելու իր արուեստի կալուածէն ներս ձգած վաստակը: Արդեօ՞ք աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բոլորովին նուիրուիլ ստեղծագործութեան եւ արտադրել աւելի մեծ թիւով արուեստի գործեր: Արդեօ՞ք սխալ էր իր ժամանակին մեծ մասը ուսուցչութեան յատկացնել: Հակառակ այս հարցականներուն, Կիւլէն եկաւ այն եզրակացութեան, որ առանց ուսանողներու հետ մնայուն շփման, ինք պիտի զրկուէր իրեն դրական ուժ, ներշնչում, կենսունակութիւն եւ յոյս փոխանցող աղբիւրէն: Ինք ամլութեան պիտի դատապարտուէր որպէս արուեստագէտ: Ան համոզուեցաւ, որ ճիշդ եղած էր իր կողմնորոշումըª հակուելու դէպի արուեստներու ուսուցումը որպէս ծանրակշիռ մասը իր ասպարէզի կեանքին: Ատով ալ կը բացատրուի իր ստեղծագործութեան թափը եւ առոյգութիւնը հասունութեան տարիքին:
Արուեստի քննադատ, իմաստասէր եւ գեղագէտ Ժոզէֆ Ապի Ռըզք Կիւլէնի ՙՄէմուար Տէրանս՚ 2009-2010-ի ցուցահանդէսին առիթով կը գրէր. ՙԿիւլէնի ստեղծագործութիւնները գրաւելու են լիբանանեան ազգային հաստատութիւններու մէջ իրենց արժանի տեղը, քանի որ անոնք կը վկայեն, թէ լիբանանցի արուեստագիտուհին ոչ միայն արուեստ կ’արարէ, այլ արուեստի վերածնունդ կը ստեղծէ: Մարդկային իրականութիւնը, ճշմարտութիւնն ու ազատութիւնը կը ցոլացնէ իր արուեստին ընդմէջէն:
Կիւլէն Տէր Պօղոսեան տիպար մըն է արուեստով կլանուած երիտասարդութեան համար: Ան իր հետեւողական աշխատանքներով ոչ միայն վաստակ մը ապահովեց որպէս քանդակագործ, այլ որպէս քանդակագործութեան եւ արուեստի ուսուցչուհի սերունդներ պատրաստեց լիբանանեան հայրենիքին եւ հայ իրականութեան համար:
Կիւլէնի անակնկալ եւ կանխահաս մահը շանթահարեց իր ընտանիքը, բարեկամական եւ ասպարէզային շրջանակները, բազմահարիւր ուսանողները եւ արուեստագէտ պաշտօնակիցները:
Յիսնամեակ մը բոլոր մեր ընտանիքին հետ ստեղծուած բարեկամութիւնը եւ յատկապէս ամուսնոյս Պէպօյի հետ իր գործակցութիւնը քանի մը տասնամեակներ, զայն դարձուցած էին շատ մտերիմ եւ սիրելի մեր ընտանիքի մէն մի անդամին համար: Մենք կը նշմարէինք իր ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ իր արուեստագէտի խառնուածքը, որ լեցուն էր անհուն սիրով, անկեղծութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Իր զօրակցութիւնը, խանդաղատանքը եւ անվերապահ գնահատանքը ակներեւ էր իր բոլոր մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Մայրութեան վեհ իտէալին մարմնաւորողն էր ոչ միայն իր արուեստի գործերուն մէջ, այլª իրական կեանքին մէջ որպէս կատարեալ եւ իմաստուն մայր Արեւիկին, Մարալին եւ Նանորին, ինչպէս նաեւ գորովոտ մեծ մայրª իր թոռներուն: Իր կեանքի անզուգական ընկեր Շահէին հետ ներդաշնակ զոյգ մըն էին, համախոհ եւ զօրակից իրարու: Ան բարձր կը գնահատէր իր ամուսինին դերը ոչ միայն իր ընտանեկան կեանքին մէջ, այլեւ որպէս իր ստեղծագործական կեանքի ներշնչողն ու քաջալերողը:
Մեր հոգիներուն մէջ անջնջելի պիտի մնայ Կիւլէնին յիշատակը: Նման վեհ հոգեկան աշխարհի տէր անձեր կ’ապրին մեզի հետ երկար ատեն, իրենց մահէն տարիներ ետք:
Իր վաստակին հանդէպ անկեղծ գնահատանքով եւ քաղցրաբարոյ նկարագրին հանդէպ սիրով եւ հիացումով:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ