Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՌԱԿՈՂՄ ԺՈՂՈՎ

August 19, 2022
in Միջազգային
0
ԵՌԱԿՈՂՄ ԺՈՂՈՎ

Ուքրանիոյ Լվիվ քաղաքին մէջ գումարուեցաւ եռակողմ ժողով մը` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի միջեւ: Ժողովին օրակարգն էր Ուքրանիոյ պատերազմի նիւթական վնասի ազդեցութեան թեթեւացումը,  գերիներու հարցը եւ պատերազմը աւարտելու միջոցները:

Էրտողան շեշտեց ուքրանական հացահատիկի արտածումին կարեւորութիւնը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհին համար: Էրտողան արտայայտեց իր պատրաստակամութիւնը վերակառուցելու Ուքրանիան պատերազմի աւարտէն ետք: Թուրքիոյ նախագահը արտայայտեց իր մտահոգութիւնը Զապորոժիէի հիւլէակայանին շուրջ ընթացող բախումներուն պատճառով, շեշտելով որ աշխարհը չ՛ուզեր նոր Չեռնոպիլ մը: Էրտողան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահը տեղեակ պիտի պահէ այս ժողովի արդիւնքներուն:

Ժողովէն ետք Զելենսքի յայտարարեց, որ հացահատիկ փոխադրող նաւերուն թիւը պէտք է աւելնայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ չկայ բանակցութիւն ռուսերուն հետ` անոնց բռնագրաւած շրջաններէն մեկնելէն առաջ: Զելենսքի յայտարարեց, որ պիտի վերադարձնէ այն համաշխարհային համակարգը, որ քանդեց Ռուսիան: Ան ռուսական ուժերը Զապորոժիէի շրջանէն քաշելու կոչ ուղղեց եւ Ռուսիան կոչեց ահաբեկչական երկիր:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ իր կազմակերպութիւնը ձմեռուընէ առաջ պիտի փորձէ բազմացնել Ուքրանիայէն հացահատիկ փոխադրող նաւերուն թիւը: Ան աւելցուց, որ ռուսական պարարտացուցիչը եւ ուքրանական հացակատիկը պէտք են աշխարհի ժողովուրդներուն: Ան Զապորոժիէի հիւլէակայանին հասցուելիք որեւէ վնաս համարեց անձնասպանութիւն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՔՆՆԻՉՆԵՐԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՍՏԱՑԱՆ

Next Post

ԱՄՆ ԹՈՅԼ ՏՈՒԱՒ

Next Post
ԱՄՆ ԹՈՅԼ ՏՈՒԱՒ

ԱՄՆ ԹՈՅԼ ՏՈՒԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 18, 2023
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

March 18, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 18, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.