Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ժողով գումարեց ելեւմուտքի նախարար Եուսէֆ Խալիլի հետ մաքսային տոլարի հարցին վերջնական լուծում գտնելու համար: Որոշուեցաւ այս հարցը յաւելեալ քննարկումի ենթարկել: Ապա Միքաթի ժողով գումարեց պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վառելանիւթ ապահովելու համար: