Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՃԱՆԱՊԱՐՀ՚ ԵՌԵԱԿԸ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ 4 ՀԱՄԵՐԳ

August 18, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙՃԱՆԱՊԱՐՀ՚ ԵՌԵԱԿԸ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ 4 ՀԱՄԵՐԳ

 

Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ, Օգոստոսի սկիզբը ՙՃանապարհ` յիշատակի ուղի՚ ծրագրի շրջանակին մէջ ՙՃանապարհ՚ եռեակը Իտալիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ տուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած շարք մը համերգներ (Վենետիկ, Միլան` 2 համերգ, Հռոմ): Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով տեղեկացուցած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

ՙԱյս ծրագիրը մշակութային-մարզական միջոցառում է` կազմակերպուած Մարսէյի Ֆրանսահայ Երտասարդաց Միութեան` JAF-ի եւ ՙՎազք յիշատակի համար՚ CPLM կազմակերպութեան կողմէ: Մտայղացման հեղինակը` երաժիշտ Միքայէլ Վէմեանն է, JAF-ի երաժշտական դպրոցի պատասխանատուն եւ նուագախումբի ղեկավարը:

Ծրագրին նպատակն է Մարսէյէն քայլել մինչեւ Երեւան` 2500 քմ ոտքով կտրել-անցնելով Ֆրանսան, Իտալիան, Յունաստանն ու Հայաստանը: Քայլարշաւը, ինչպէս նաեւ այս ճանապարհին տրուող բոլոր համերգները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին՚, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին` համերգներէն վերջինը տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ, 14 Օգոստոսին, հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին ներկայ եղած է նաեւ դեսպանութեան անձնակազմը: Իր խօսքին մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը ողջունած է նախաձեռնութիւնը, շեշտադրած է արուեստի միջոցով ցեղասպանութեան դէմ պայքարելու եւ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ նշած է, որ այս նախագիծը լաւագոյնս կը տեղաւորուի 2021 թուականի ՀՀ դեսպանութեան կողմէ ձեռնարկուած ՙԱրուեստը յանուն կանխարգիլման՚ արշաւի շրջանակին մէջ` մարզական տարրի համալրմամբ:

Կը նշուի, որ ՙՃանապարհ` յիշատակի ուղի՚ ծրագրի շրջանակին մէջ եռեակին կողմէ շարք մը համերգներ կը նախատեսուին նաեւ Յունաստանի եւ Հայաստանի մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԹԱՄՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post

ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.