Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 4 քիւրտ զինեալներ սպաննուեցան ՙԽաղաղութեան Աղբիւր՚ գործողութեան ծիրին մէջ, որ սկսած էր 2019 թուականին: Բախումին վայրը հիւսիսային Սուրիան է, ուր կը տիրապետեն ՙՔասատ՚ի քրտական ուժերը: Մէկ օր առաջ, Ուրֆայի սահմանային շրջանին մէջ թուրք զինուոր մը սպաննուած էր ու 4 զինուորներ վիրաւորուած էին: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած էր, որ պիտի շարունակէ ապահովական գործողութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:
Ահաբեկիչ Մը Ձերբակալուած
Իրանի Ապահովութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շատ վտանգաւոր ահաբեկիչ մը ձերբակալուած է: Ան մաս կը կազմէր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու եւ գործադրած էր շատ մը արիւնալի ահաբեկչական գործողութիւններ: Ան ծանր զէնքերու մասնագէտ է: Իր անդամակցած ուժերու պարտութենէն ետք ան տեղափոխուած էր Սուրիայէն դուրս գտնուող դրացի երկու երկիրներ